2018-03-01 09:37:00

Արամ Ա հայրապետին ելոյթը Վիեննայի միջկրօնական միջազգային համագումարին


Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային համագումարին իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն միջեւ գործակցութեան կառոյց մը ստեղծելու որոշումը` շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւն հրամայական անհրաժեշտութիւն է ո՛չ միայն արաբական աշխարհին, այլեւ աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ապա վեհափառ հայրապետը եօթը կէտերու մէջ պարզեց այն հիմնական սկզբունքները, որոնք ուղեցոյց պէտք է դառնան քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան:

Արդարեւ, միաստուածեան երկու կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները իբրեւ գործակցութեան հիմք ունենալով, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց քաղաքական ու կրօնա-գաղափարախօսական կառոյցներէն եւ ուղղութիւններէն հեռու մնալու, փոխադարձ վստահութիւնը ամրացնելու, փոխադարձ ճանաչումը եւ յարգանքը ամրապնդելու, իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ նոյն իրաւունքներն ու պատասխանատուութիւնները ունենալու, բոլոր տեսակի բռնութիւնները դատապարտելու, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար աշխատելու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Նշեալ կէտերուն մասին վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ:

Յայտնենք, որ վերոնշեալ կառոյցը յառաջացնելու նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած էին անցնող երկու տարիներուն ընթացքին: Այսպէս, համագումարին կազմակերպիչ կեդրոնին նախագահը` դոկտ. Ֆէյսալ Պըն Մոամմար այցելութիւն տուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ երկու առիթներով անոնք հանդիպած էին Ժընեւի ու Աթէնքի մէջ:

Նշենք, որ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ, անոր ներկայ էին քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ եւ այլ կրօններու պատկանող հոգեւոր պետեր ու միջկրօնական հարցերու փորձագէտներ եւ համալսարանական դասախօսներ` շուրջ 300 հոգի: Լիբանանէն ներկայ էին Ռայի պատրիարքը եւ հանրապետութեան միւֆթին` Ապտել Լաթիֆ Տըրիան: Իսկ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայ էին տիեզերական պատրիարքը ու Աղեքսանդրիոյ պատրիարքը. նաեւ ներկայ գտնուեցան Վատիկանի եւ Քենթըրպըրիի ներկայացուցիչները: Իսլամական աշխարհէն ներկայ էին շարք մը պետական ու կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց կարգին խօսք առին եւ ողջունեցին նոյն ծրագիրին ստեղծումը:

Վերոնշեալ անձնաւորութիւններուն հետ վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ: Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ միջկրօնական գործակցութեան կարեւորութեան մասին, յատկապէս Աւստրիոյ «Պի.Պի.Սի»-ին եւ Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայաններուն հետ:

Եռօրեայ համագումարի աւարտին, վեհափառ հայրապետը այցելեց հայաստանեան ու լիբանանեան դեսպանատուները, ապա մեկնեցաւ Ժընեւ








All the contents on this site are copyrighted ©.