2018-02-28 08:17:00

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետիn Քահանայապետութեան աւարտի 5-րդ տարեդարձը:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 28 փետրուար 2018-ի կը նշուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայապետութեան աւարտին 5-րդ տարեդարձը։ Վաստակաւոր Քահանայապետը 11 փետրուար 2013-ին ներկայացնելէ ետք իր հրաժարականը, հաստատած էր թէ Քահանայապետութեան շրջանը կ՛աւարտի 28 փետրուարին. Այդ օր Ան հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն  փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, թափուր թողելով Սուրբ Պետրոսի գահը ու առիթ ընծայելով կարդինալական դասին ընտրելու նոր Քահանայապետ մը։ 

Իր 8 տարուայ քահանայապետութեան շրջանին, Պետնետիկստո ԺԶ բազմաթիւ անգամներ առիթը ունեցաւ հանդիպելու` հայ ժողովուրդի հաւատացեալներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան։

Անոր գահակալութեան օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ներկայ էին երջանկայիշատակ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս - Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ  բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

28 Նոյեմբերէն - 1 Դեկտեմբեր 2006-ի, Թուրքիա կատարած իր առաքելական Ճամբորդութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ առիթը ունեցաւ այցելելու Պոլսոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Կոյս Մարիամի Աթոռանիստ Եկեղեցին, ու ներկայ գտնուեցաւ ծիսական ժամասացութեան արարողութեան։

Նախքան մուտքը Եկեղեցի`  Պենետիկտոս ԺԶ-ին ներկայացուեցաւ, ըստ հայկական աւանդութեան, հաց, աղ եւ վարդի  ջուր, որպէս բարեմաղթութեան ու  բարի գալուստի խորհրդանիշ։ Մինչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Երգչախումբը լսելի կ՛ընէր  ''Հրաշափառ Աստուած'' շարականը  յիշելով  Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան  դարձը շնորհիւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի։ 

Երկրորդ յիշարժան հանդիպումը տեղի ունեցաւ, 22 Փետրուար 2008-ին  Վատիկանի «Սուրբ Գրիգոր Լուաւորչի» անուան ներքնաբակի բացման արարողութեան առթիւ, որուն ընթացքին իր արտասանած  ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Նախախնամական առիթ մը այսօր,  մեզի պատեհութիւնը կ՝ընծայէ իրարու հանդիպելու հոս` Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գերեզմանին մօտ, յիշելու համար այլ ուրիշ մեծ Սուրբ մը` որուն անունը պիտի կրէ այժմ այս ներքնաբակը»։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա յիշեց իր նախորդը` երջանկայիշատակ ՅՊԲ. ը  որ - ըսաւ Ան - ''հոս այս ներքնաբակին մէջ 2005ին օրհնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը''։  «Այս Սուրբը աւելի քան տասնըութը դար առաջ Հայ Ազգը  դարձի բերաւ ու Հայերը եղան  քրիստոնեայ աշխարհի առաջին ժողովուրդը որ պաշտօնապէս ճանչցաւ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք։  Հայերու  այս քայլը խորապէս յատկանշեց  հայկական ինքնութիւնը, ոչ միայն անհատական, այլ` ազգային գետնի վրայ» հաստատեց Քահանայապետը աւելցնելով՝ ''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բացումը կատարելով  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը կրող Սուրբ Պետրոս Տաճարի ներքնաբակին,  աղօթենք՝ որպէսզի Հայ Ժողովուրդը բարեխօսութեամբը իր այս երեւելի որդւոյն, շարունակէ ընթանալ հաւատքի ճանապարհէն, եւ առաջնորդուի միշտ, ինչպէս դարերու հոլովոյթին, Քրիստոսէն ու անոր Աւետարանէն։''

Մինչ 7 մայիս 2008-ի՝ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան, ներկայ էր նաեւ Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը,  որուն Սրբազան Հայրը ուղղեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ըսելով.  «Սիրելի եղբայր ի Քրիստոս ամենախնամ Աստուծոյ Աջին օրհնութեամբ` այսօր ահա կողք-կողքի կանգնած ենք, ամրացնելու եւ վկայութիւն տալու, մեր եկեղեցիներու միջեւ գոյացող` եղբայրական սիրոյն: Հաւատարիմ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ անոնց կտակին, հակառակ մեր տարբերութիւններուն եւ իւրայատկութիւններուն,  հարկ է որ մենք, առաւելապէս նկատի ունենանք եւ կարեւորենք, այն կէտերը` որոնք մեզ կը միացնեն իրարու: Յատկապէս հաճելի է մեզի հաստատել թէ սիրոյ հոգին եւ համագործակցութիւնը, Հայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, կը գտնէ իր շօշափելի արտայայտութիւնը մեր օրերուն, համաձայն սաղմոսերգուին «Զի բարի կամ զի վայելուչ, զի բնակեն եղբարք ի միասին» (Սղմ. ՃԼԲ):

Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը յիշեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի արտաքին մէկ որմախորշի  մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը ըսելով` ''Սուրբը՝ հիմնադիրը Հայ Եկեղեցւոյ։  Հայ Ազգը մեզի կը յիշեցնէ իր կրած դաժան  հալածանքները, մասնաւորապէս անցեալ դարուն։ Հայ Ազգի բազմաթիւ մարտիրոսները նշան են Սուրբ Հոգիին զօրութեան որ կը գործէ մռայլ ժամանակներուն եւ անոնք յոյսի երաշխաւորութիւն են՝ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։''

24 Նոյեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Արամ Ա. Վեհափառ,Վատիկանի ''Ռետէմթորէս Մաթէր'' մատրան մէջ միասնաբար նախագահեցին համամիութենական արարողութիւն մը, ապա 26 նոյեմբերին  Արամ Ա վեհափառը մասնակցեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի հրապարակային ունկնդրութեան, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը ողջունելով` Վեհափառ Հայրապետ , յայտնեց թէ ''այս եղբայրական այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ միութեան մեր կապերը, մինչ կը յարատեւենք դէպի հաղորդութեան լիութիւն, որ Քրիստոսի բոլոր հետեւողներուն կէտ նպատակն է, եւ պարգեւ մը` զոր պէտք ենք հայցել ամէն օր Տիրոջմէ''։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա գնահատեց, Արամ Ա -ի համամիութեան ի խնդիր յանձնառումը, ու վերյիշեց Սուրբ Պետրոսի արտաքին որմախորշի մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը։ «Հայկական մշակոյթը եւ հոգեւորութիւնը ի յայտ կու գան հայերու նախնիքներու վկայութենէն, որոնք հաւատարմութեամբ եւ քաջութեամբ չարչարուեցան, աշխարհի փրկութեան համար, զոհուած` Գառնուկին հետ մնալով հաղորդութեան մէջ» - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որ ապա  8-15 մայիս 2009-ին, Սուրբ Երկիր կատարած իր այցելութեան ընթացքին, առիթը ունեցաւ այցելելու նաեւ`  Սուրբ Յակոբի Պատրիարքական Աթոռանիստ Եկեղեցին (15 մայիս)  ու այնտեղ արտասանած իր ճառին մէջ մատնանշեց այցելութեան համամիութենական բնոյթին ու առաքելական եկեղեցւոյ յանձնառումին՝ շարունակելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութիւնը, հիմնուած աղօթքի վրայ։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ակնարկեց նաեւ Երուսաղէմի  Հայ Գաղութին որ Քրիստոնէութեան առաջին շրջաններէն ի վեր ունեցաւ պանծալի պատմութիւն մը,  արտայայտուած ''վանական կեանքի'' մշակոյթի եւ ծիսական աւանդութեան հարստութեան ընդմէջէն։

Պենետիկտոս ԺԶ -ի վերջին յիշարժան հանդիպումը հայ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն հետ, տեղի ունեցաւ 2012-ի սեպտեմբերին, երբ Ան Լիբանան կատարած առաքելական Ճամբորդութեան ծիրէն ներս՝ 15 սեպտեմբերին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Զմմառու դարաւոր Վանքը, եւ այդ հայկական առաջին գիրքի տպագրութեան 500րդ տարեդարձին առթիւ օրհնեց  Յակոբ Մեղապարտի արձանը, հայ տպագրութեան ռահվիրան, որ 1512ին Վենետիկի մէջ հրատարակած էր տպագիր առաջին Հայերէն Գիրքը «Ուրբաթագիրքը» ։

Այս առթիւ  արտասանած  խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը խորին երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքին ըսաւ. ''Սիրելի՛ բարեկամներ, բարեխօսութեամբը Բարթողոմէոս եւ Թադէոս Առաքեալներուն, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին,   խնդրենք Տիրոջմէ, որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը, որ ժամանակներու հոլովոյթին անցած է մեծ փորձանքներէ, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմաթիւ մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող բարեփոխելու մեր ընկերութեան դիմագիծը, բուժելու տառապած սրտերը եւ յուսահատներուն վերադարձնելու՝ քաջութիւնը, ուժն ու յոյսը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.