2018-02-28 09:09:00

«Մշակութային Ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոն» պիտի բացուի


ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Փետրուար 27-ին, ընդունած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեան զարգացման գլխաւոր վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Կոնելլիի ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մաշակոյթի նախարարութիւնը։

Ռ. Կոնելլին եւ Պոլոնիայի համալսարանի պատուիրակութեան դասախօսական կազմի անդամները Հայաստան կը գտնուին հնգօրեայ աշխատանքային այցով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ կը մշակուի Հայաստանի մէջ բացուող «Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոն»-ի ծրագիրը (ենթակայ է ՀՀ մշակոյթի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու հաստատման, որմէ ետք կեդրոնը պիտի գործէ): Կեդրոնը ստեղծելու համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Փաոլօ Ճենդիլոնէին եւ Էդուարդ Նալպանտեանը` 2016 Նոյեմբեր 8-ին:

Հանդիպման ընթացքին, նախարար Արմէն Ամիրեան նշած է, որ հայկական կողմը արդէն իսկ պատրաստ է յաջորդ քայլերուն, եւ կը սպասէր այս աշխատանքային այցին: «Մայիս 28-ին պիտի տօնենք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, եւ այդ օրերուն Երեւանի մէջ օտարերկրեայ շատ այցելուներ պիտի ունենանք, նաեւ` սփիւռքահայ: Պիտի ուզէի, որ անոնք այցելէին եզակի այս Կեդրոնը»,- ըսած է նախարարը:

Իբրեւ Կեդրոնի գործընկեր` Միլանի ճարտարագիտական համալսարանը փոխարինած է Պոլոնիայի համալսարանը: Կեդրոնին նպատակն է միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ յուշարձաններու պահպանութեան, ուսումնասիրման, վերականգնման, օգտագործման բնագաւառին մէջ հիմնել նորագոյն սարքերով յագեցած մասնագիտական նոր ենթակառուցուածք, նպաստել նեղ մասնագիտական վերականգնողական դպրոցներու պահպանման (օրինակ, որմնանկարի, քարի նիւթի) եւ նոր դպրոցներու ստեղծման (օրինակ` խճանկարի):

Փոխադարձ համաձայնութիւն կայ, որ յուշարձաններու վերականգնման խնդիրներուն նուիրուած համատեղ ծրագիրներու իրականացման համար մասնագիտական համագործակցութեան հարթակ պիտի ստեղծուի տարածաշրջանի շարք մը պետութիւններու հետ, որուն հնարաւորութիւնը ողջունած եւ վերահաստատած են կողմերը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարը իր շնորհակալութիւնը փոխանցած է Իտալիոյ կառավարութեան` Հայաստանի մէջ իրականացուցած մշակութային ծրագիրներուն աջակցութեան համար: Մասնաւորապէս` Գիւմրիի Աճառեան փողոցին վրայ Շիրակի մարզային գրադարանի զբաղեցրած պատմամշակութային եզակի շինութեան վերանորոգման համար: Երախտիքի խօսքը նախարարը աւարտած է` աշնան Հայաստանի մէջ իրականացուելիք ժամանակակից արուեստի միջազգային մեծ ցուցահանդէսի նախաձեռնութեան եւ աջակցութեան համար, որուն, աշխարհի տարբեր երկիրներէ, պիտի մասնակցի շուրջ 200 արուեստագէտ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.