2018-02-28 09:50:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Զրոյցին Նիւթը Չէ՛ Կարեւորը

Երկու անձերու միջեւ հեռո՜ւն տեղի ունեցող անլսելի զրոյց մը, կրնայ մտահոգել տկար անհատականութեան տէր մարդիկը: Տեսնելով հեռուն կանգնած երկու անձեր, որոնք իրարու հետ մեղմ ձայնով, ջերմօրէն կամ լրջօրէն կը խօսին, տագնապահար հոգի ունեցող մարդիկ կը մտահոգուին, մտածելով որ այդ զրոյցին նիւթը իրե՛նք են:

Բայց ո՞վ ըսաւ, որ այդ զրոյցին նիւթը իրենք են:

Գիտէ՞ք ով ըսաւ. իրենց երեւակայութի՛ւնը ըսաւ:

Որովհետեւ առհասարակ տագնապահար հոգիներուն երեւակայութիւնը իր աշխատանքային բարձրակէտին վրայ կը գտնուի:

Հիւանդագին այս իրավիճակէն հեռու, գիտակից եւ մտային բնական կամ առողջ վիճակ ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս զրոյցին ընթացքին, անոր նիւթով այնքան մտահոգ չեն ըլլար, որքան զրուցակիցով:

Հաւանաբար ունեցած էք այնպիսի պահեր, երբ մէկու մը կողմէ առաջին անգամ ձեզի ներկայացուող անձին ո՛վ ըլլալը գիտնալու համար, անմիջական եւ կարճ ուսումնասիրութիւն ըրած էք, քանի մը հարցումներ ուղղելով նորեկին: Ոմանք այս գործին վարպետն են, եւ շատ շուտով կրնան թափանցել դիմացինին միտքին մէջ, գէթ անոր հետաքրքրութեան աշխարհը իմանալով: Ասիկա դիւրութիւն կու տայ դիմացինին հետ միասնաբար դասաւորելու զրոյցի նիւթերը, որոնց քննարկումը իսկապէս կրնայ դրական արդիւնքի հասցնել կողմերը: Իսկ եթէ պատահի հակառակը… այսինքն կարելի չըլլայ հաղորդակցութեան որեւէ գիծ գտնել դիմացինին հետ, այն ատեն զրոյցը կը դառնայ աղէտաբեր, խօսակիցներուն միջեւ բանավէճի եւ ապա կռիւի վերածուելով:

Պատկերացուցէք երկու անձեր, որոնցմէ մէկը բարձր կրթութեան տէր է, իսկ միւսը շատ յաջողակ վաճառական: Անոնց աշխարհայեացքներուն տարբերութիւնը, մէկ կողմէ, ունեցած հետաքրքրութեանց տարբեր աշխարհները, միւս կողմէ, բառապաշարն ու գիտութիւնը, մէկ ուրիշ կողմէ, խոչընդոտներ պիտի հանդիսանան անոնց միջեւ առողջ ու հաճելի զրոյցի գոյառման:

Երկխօսութեան կամ զրուցատրութեան ամէնէն ձանձրացուցիչ մասը խօսքին տափակութիւնն է, որուն վրայ ելեւէջներ չկան, նիւթին անհաճոյ ըլլալուն պատճառաւ: Ոմանք նման զրուցակիցներու հետ ստիպողաբար խօսելով, ամբողջ ժամեր կը տրամադրեն անոնց ոդիսականը լսելով: Այս պարագային այդ ոդիսականը միայն անոնց կեանքի տխուր դրուագները չի՛ ներկայացներ, այլ նոյն պահուն ունկնդիրին աչքին նոր ոդիսականի մը գրառումը, իր զրուցակիցին խեղճութեան ականջալուր:

Խաղաղ երկխօսութեան նախապայման է խօսակիցներուն ամբողջապէս զիրար հասկնալու կարողութիւնը: Եթէ կողմերէն մէկը զրկուած է այդ կարողութենէն, ուրեմն բաղխումը անխուսափելի է:

Ովքե՞ր սակայն զիրար կրնան հասկնալ:

Անոնք, որոնք նոյն ընտանիքի անդա՞մ են, կամ նոյն դպրո՞ցը յաճախեր են, կամ նաև նոյն տե՞ղը կ՛աշխատին, և կամ անոնք, որոնք նոյն տեսակ կերակուրնե՞ր կը սիրեն:

Ափսոս, որ վերոյիշեալներէն ո՛չ մէկը չի կրնար պայման ըլլալ զիրար հասկնալուն:

Ամբողջութեամբ զիրար հասկնալու եւ իրարու զրուցակից ըլլալու համար, մարդիկ ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւասար ըլլան:

Հաւասար ըլլալ չի՛ նշանակեր նիւթապէս նոյն կարողութեան տէր ըլլալ: Ատիկա նիւթապաշտական մօտեցում կ՛արտայայտէ եւ խոտելի է գիտութեան ու կրթութեան:

Հաւասար ըլլալ, կը նշանակէ իմացական նոյն բարձունքին ձգտող ըլլալ, միաժամանակ ճշմարտութեան հետամուտ եւ բարութեան սիրահար:

Զրուցակիցները երբ իրարու հաւասար անձեր են, անոնց հոգեվանդակէն դուրս կը թռչի սպիտակաթոյր աղաւնին, ո՛չ թէ միայն ձիթենիի շիւղ մը կտուցին, այլեւ ճիւղ մը ամբողջ, խաղաղութեան խորհրդանիշ, որ ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ համերաշխութիւն մարդոց միջեւ:

Զրոյցին նիւթը չէ՛ կարեւորը, այլ զրուցակիցներուն իմացական հաւասարութիւնը, բարոյական կշիռքին կարեւորագոյն նժարը…։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.