2018-02-28 13:19:00

«Աղօթենք Մարտիրոս Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին համար» Ֆրանչիսկոս Պապ։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 28 փետրուար 218-ին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, զանազան լեզուներով արտասանած ողջոյնի խօսքերուն մէջ, խօսքը ուղղելով արաբախօս ուխտաւորներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել մարտիրոս Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելիքն համար, ինչպէս նաեւ հալածուած քրիստոնեաներուն համար։
«Պէտք է աղօթենք մեր այդ եղբայրներուն համար որ կը գտնուին պատերազմի մէջ» ըսաւ  Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները աղօթելու նաեւ հալածուած Քրիստոնեաներուն համար, որոնք «ստիպուած են հեռանալ այդ հողերէն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.