2018-02-27 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. «Տէրը մեր հայրն է ու միշտ մեզ կը սպասէ մեզի ապահովեցնելով ներումը»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տէրը չի յոգնիր իւրաքանչիւրին հրաւէր ուղղելէ՝ կեանքը փոխելու, դէպի Իրեն ընդառաջ քայլ կատարելու, որպէսզի ապաշխարենք։ Ան այս մէկը կ՛ընէ Հօր մը քնքշութեամբ։ Մենք եւս խոստովարաններուն մէջ նոյնը կատարենք»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը՝ զոր ուղղեց երեքշաբթի 27 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի առթիւ արտասանած քարոզին մէջ։ 


Մեկնելով այն իրողութենէն թէ քառասնորդացը ապաշխարութեան ու Աստուծոյ մօտենալու շրջան է ու շրջան է նաեւ փոխելու մեր կեանքը, Քահանայապետը հրաւիրեց այս շնորհքը հայցելու Տիրոջմէ։ 
Ֆրանչիկսոս Պապ հիմնուելով օրուան աւետարանական ընթերցումներուն վրայ ուզեց բացայայտել մեր մեղքերուն նկատմամբ Յիսուսին ունեցած վարուելակերպը։ Ան չի սպառնար այլ կը կոչէ քնքշութեամբ վստահութիւն յարուցելով - ըսաւ Քահանայապետը դիել տալով թէ «Տէրը սարսափ չի ստեղծեր, կը նմանի քիչ մը չարաճճիի  պատանիի մը հօր, որ իր զաւկին գործած արարքի մը դիմաց կը ջանայ վստահութիւն ներշնչել եւ ուղղել անոր սխալները» ։
Յիսուս իր այդ վարուելակերպով կը ներէ մեզի ու մեր սրտերը կը փոխէ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Զակքէոսին ու Մատթէոսին հետ, Ան մեզի ցոյց կու տայ քայլը որ մեզ կ՛առաջնորդէ ապաշխարութեան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով «շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ՝ Անոր անհուն բարութեան համար։ Ան մեզ չ՛ուզէր դատապարտել։ Իր կեանքը տուաւ մեզի համար ու միշտ կը փնտռէ ձեւեր՝ մեր սրտին հասնելու համար»։ 
«Մենք եւս որպէս քահանաներ երբ Տիրոջ անունով խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարենք պէտք ենք ունենալ միեւնոյն բարութիւնը եւ Տիրոջ մօտեցումը», յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ներկայացնելով պատկերը այն զաւկին որ ինքզինք այլեւս մեծ կը համարէ մինչ կը գտնուի ճանապարհորդութեան կէսին, ու հայրը որ այս մէկը գիտնալով կը ջանայ միշտ անոր մօտիկ ըլլալ եւ ուղղել անոր քայլերը։ 
Յիսուս եւս գիտէ թէ մենք ճանապարհորդութեան կէսին ենք ու կարիքը ունինք լսելու Անոր հրաւէրը «եկու՛ր մի վախնար, եկու՛ր ներումը ապահով է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ այդ հրաւէրը քաջալերանք մըն է ու թելադրելով դիմել Տիրոջ բաց սրտով ՝որովհետեւ Ան մեր հայրն է ու միշտ մեզ կը սպասէ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.