2018-02-26 13:57:00

Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ նշուեցաւ «Մայրենի Լեզուի» օրը։


Նախաձեռնութեամբ՝ Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Մալոյեան Մշակոյթային Միութեան» հիմնադիր՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի, ուրբաթ 23 Փետրուար 2018-ին, Գիւմրիի մէջ մեկնարկեց «Մայրենի Լեզուի» նուիրուած տօնակատարութիւնը «Տիրամայր Հայաստանի» Արուեստից վարժարանի սրահէն ներս: Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ ընթացիկ տարուայ ողջ տեւողութեան հայ ժողովուրդը պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100 ամեակը եւ կարգ մը այլ յոբելեաններ որոնց հենքը կը կազմէ հայոց լեզուն, որով առանց որու պիտի չկարենային տոկալ եւ գոյատեւել:

Բացման խօսքին յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար՝ Լեւոն Մկրտչեանի սոյն օրուան յատուկ յղած ուղերձը:

Օրուան բանախօս՝ Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գեր. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան ընդգծեց հայոց դասական լեզուի՝ գրաբարի ստեղծման, կայացման, անցած ուղիին եւ նման իր ժողովուրդին պատմութեան քառուղիներուն հանգուցալուծումներ դիմակայացած՝ զինք շրջապատող թշնամիներու մակընթացութիւններուն եւ տեղատուութիւններուն ի տես՝ բայց մնացած է հայ ժողովուրդին պաշտպան վահանն ու հզօր կռուանը, քանզի ան Սուրբ լեզու է ստեղծուած զԱստուած փառաբանելու նպատակաւ: «Հայերս, որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգ, կառչած մեր եկեղեցւոյ եւ դպրութեան, ոչ միայն տոկացինք պատմութեան խաչուղիներուն վրայ, այլեւ տակաւին կ’ընթանանք քաղաքակրթութեան ուղիներով, կերտելով պատմութիւն եւ մշակոյթ, որոնք կը խօսին ուրոյն դիմագիծ ունեցող մեր ազգի անցած ուղիին եւ ստեղծած արժէքներու մասին: (…)

Հոգեւորականութիւնը, որ գրագէտ խաւն էր, ունէր ազգային բարձր գիտակցութիւն, կը գրէր ոչ միայն կրօնական դասին համար, այլ եւս աշխարհիկին համար: Ի վերջոյ, եկեղեցականութիւնն էր, որ ստեղծեց հայ հին եւ միջնադարեան գրականութիւնը: Հոգեւորականութիւնը հետամուտ էր պաշտպանելու ոչ միայն հայոց կրօնը, այլեւ ստեղծելու հայոց գրականութիւն, պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, յուղագրութիւն, մշակած հայոց լեզուի բազմաքանակ կրօնական վարքեր, սրբախօսական եւ մեկնողական գործերու կողքին՝ գրուած հայ հին դասական լեզուով՝ գրաբարով, զոր կը կոչուի նաեւ «եկեղեցական գրականութեան լեզու», որ կ’արտացոլացնէ հայ մտքի ու ճաշակի հարստութիւնը:

Գրաբարով պահպանուած երկերը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, որ այդ նմոյշները խորին հնութիւն ունին եւ լեզուական ձեւակերպում ստացած են շատ հին դարերէ: Հայոց հին դասական լեզուն գրաբարը՝ ունի կապակցութիւններու ամբողջ համակարգ մը, որոնք կը հաստատեն, որ հին հայերէնը բաւական երկար ճանապարհ անցած է, մինչեւ մշակուելով յղկուած եւ կատարելագործուած լեզու դառնալը՝ համազօր կարգ մը միջազգային կշիռ ունեցող լեզուներու: (…)

Իսկ լեզուի նմանօրինակ զարգացումը կը հաւաստէ այդ լեզուով խօսող ժողովուրդի վաղեմութեան, անոր կեանքի ու յարաբերութիւններու բարձր աստիճանի մասին: (…)

Միջնադարուն, գրաբարը հիմնական կը պահպանուէր կրօնական ու եկեղեցական կեդրոններուն մէջ եւ կը դադրէր տիրապետող լեզու ըլլալէ: Գրաբարը յարատեւեց մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը, կրօնական եւ հայագիտական որոշ կեդրոններու մէջ՝ գլխաւորաբար Մխիթարեան միաբանութեան հայրերու մօտ: Անոնք ոչ միայն հայոց դասական լեզուի ջատագովները հանդիսացան, այլեւ երկու դար շարունակ գրաբարը լայն գործածութիւն ունեցաւ, որպէս գրաւոր-գրական լեզու»:

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան եզրափակեց գրաբարի լինելութեան շուրջ հեռանկարներ ուրուագծելով՝ «Այսօր ամէնագրիսաւոր հարցը՝ գրաբարի շրջանառութենէն դուրս մղուիլն է: Ահա թէ ինչու մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան կիզակէտը պէտք է դառնայ հայոց դասական լեզուի՝ գրաբարի ուսումնասիրութիւնը, այս ուղղութեամբ պէտք է արդի չափորոշիչներով քերականական ձեռնարկներ եւ բառարաններ պատրաստուին: Մեզ կ’անհանգստացնէ գրաբար լեզուի ներկայի վիճակը, որ դարեր շարունակ մեզ պաշտպանած է՝ բոլոր ոտնձգութիւններու դէմ, որով ստեղծագործած են Մաշտոցն ու Պարթեւը, Կորիւնն ու Եղիշէն, Խորենացին եւ Ագաթանգեղոսը, եւ մատենագիրներու ամբողջ համաստեղութիւն մը՝ ընդհուպ մինչեւ 19-րդ դարու կարգ մը պահպանողական մտաւորականներ: Իսկ այսօր կը գործածուի սոսկ եկեղեցւոյ մէջ եւ միայն կարգ մը արարողութիւններու ընթացքին:

Եթէ այսօրուայ խորհուրդը՝ անկասկած պարտաւորեցնող եւ մեծ է, ուստի՝ ան ազդակ մըն է պահպանելու մեր ազգային ժառանգութեան մեծագոյն գանձը՝ հայոց լեզուն՝ իր արմատներով, որու մէջ դրոշմուած են մեր ինքնութիւնն ու հոգեւոր ե՛ւ գրական ժառանգութիւնը: Ուստի, միակամ ոյժերով է որ ներկայ ժամանակներու աշխարհայնացման հոսանքին դէմ դիաւարելով, կը կարողանանք ե՛ւ պահել ե՛ւ ուսուցանել մեր ոսկեղնիկ մայրենին»:

Միջոցառումին հանդէս եկան «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի սանուհիները՝ «Մեր աննման լեզուն» թեմայի շուրջ բանաստեղծութիւններով, իսկ Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ երգչախումբէն քառեակ մը ներկայացուցին Կոմիտասի «Ո՜վ Մեծասքանչ դու լեզու», «Էս առուն», «Սօնա եար» եւ «Հայաստան» երգերը: Երեւանի պետական կոնսերվատորիայի դասախօս՝ մեներգիչ Մերի Մկրտչեան ներկայացուց «Գետակի վրայ» եւ «Կապոյտ մանուշակ» երգերը: Իսկ Տիրամայր Հայաստանի կեդրոնի սանուհիները ներկայացուցին «Հայուհի» եւ «Բալենի» պարերը:

Աւարտին բարեմաղթութիւններու փոխանակումներէ ետք, «Պահպանիչ»-ով միջոցառումը հասաւ իր աւարտին:








All the contents on this site are copyrighted ©.