2018-02-26 14:10:00

Աննախադէպ քայլով մը Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին բողոքի համար փակեց իր դռները


Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեայ ղեկավարներ երէկ իսրայէլեան տուրքերու հաստատման ու սեփականութեան «Առնունա» օրինագիծին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն` աննախադէպ քայլով մը փակեցին Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռները:

Երուսաղէմի, Պաղեստինի ու Յորդանանի պատրիարք Թէոֆիլոս Գ. պատրիարքը Երուսաղէմի բոլոր պատրիարքներուն եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անոնց անունով յայտարարեց, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռները ցնոր տնօրինութիւն փակ պիտի մնան:

Նշենք, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին քրիստոնեաներուն համար ամէնէն սրբազան վայրը եւ գլխաւոր ուխտավայրը կը նկատուի:

Երուսաղէմի եկեղեցիներու ղեկավարները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, թէ Երուսաղէմի եկեղեցիներուն դէմ տուրքերու սահմանումը ոտնահարում մըն է գոյութիւն ունեցող բոլոր համաձայնութիւններուն ու միջազգային յանձնառութիւններուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն եկեղեցիներու իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումները, «եւ կը թուի, թէ քաղաքին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը տկարացնելու փորձ մըն է»:

Անոնք զգուշացուցին Իսրայէլի նախարարական յանձնախումբին կողմէ Երուսաղէմի եկեղեցիներուն դէմ տուրքեր հաստատելու նախագիծի որդեգրումէն, որ կրնայ քաղաքին մէջ եկեղեցապատկան հողերու գրաւման յանգեցնել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.