2018-02-25 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի սպաս Սուրիոյ «Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի դադրին բռնութիւնները»։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մտածումս յաճախ սեւեռած է սիրեցեալ ու խոշտանքեալ Սուրիոյ ուր պատերազմը վերստին բռնկուեցաւ, յատկապէս արեւելեան Ղութայի մէջ։ Փետրուարի այս ամիսը՝ եօթը տարուայ պատերազմի ծիրէն ներս եղաւ ամէնէ դաժաններէն մին. հարիւրաւոր, հազարաւոր քաղաքացիներ զոհուեցան, մանուկներ, կիներ ու տարեցներ։ Հարուածուեցան հիւանդանոցները։ Մարդիկ մնացին առանց կերակուրի…այս բոլորը տմարդկային է։ Կարելի չէ չարին դէմ պայքարիլ չարով։ Ասոր համար սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի դադրին բռնութիւնները, թոյլ տրուի մատակարարել մարդասիրական օգնութիւններ – ուտեստեղէն եւ դեղորայք – ու խնամք տարուի վիրաւորներուն եւ հիւանդներուն։ Աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի այս կարելի ըլլայ առանց ձգձգումներու։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը զոր ուղղեց Կիրակի 25 փետրուարի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին։

Սրբազան Հայրը նախապէս մեկնաբանեց օրուան Աւետարանական ընթերցումը որ կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին։

«Այդ դէպքը -ըսաւ Քահանայապետը - կապուած է վեց օր առաջ պատահած այլ իրողութեան մը, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ պիտի չարչարուի, ծերերէն պիտի մերժուի, պիտի մեռնի ու երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Այս մէկը խռովութիւն յարուցած էր աշակերտներուն մէջ, որոնք չէին հաշտուիր այն գաղափարին հետ թէ Յիսուս պիտի սպաննուի։ Անոնք արդարեւ կը սպասէին զօրեղ եւ իշխանութեամբ լի Մեսիա մը, մինչ Յիսուս անոնց կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ եւ մարդկանց հեզ ու խոնարհ ծառայ, որ իր կեանքը որպէս զոհ պիտի մատուցէ։

Այլակերպութեան դէպքը որ տեղի ունեցաւ լերան մը վրայ, ուր Յիսուս Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին իր փառքը յայտնեց, առիթ կ՛ընծայէ աշակերտներուն տարբեր աչքերով դիտելու Յիսուսը ու հասկնալու թէ Քրիստոսի չարչարանքը խորհուրդ մըն է եւ ամէնէն առաջ ան սիրոյ անհուն պարգեւ մըն է, որով կը բացայայտուի նաեւ Յիսուսին Յարութեան նշանակութիւնը «Սա է իմ սիրելի որդին որուն ես հաճեցայ»։ Յիսուս արդարեւ Աստուծոյ Որդին է որ իր մինչեւ մահ հաւատարիմ սիրով՝ մեզ փրկեց - յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «Աշակերտները կանչուած են հետեւելու Վարդապետին՝ վստահութեամբ եւ յոյսով ու թէ հարկաւոր է որ մենք եւս այս քառասնորդացի շրջանին լեր բարձրանանք ու Յիսուսին մօտ ըլլանք, ուշադրութեամբ ունկնդրելով Աստուծոյ ձայնը, ու պարուրուելով եւ փոխակերպուելով սուրբ Հոգւոյն շնորհքներով։

«Այդ ըլլալու է աղօթքի եւ հայեցողութեան փորձառութիւն մը, որպէսի ապրինք Աստուծոյ հետ ընտանեկութիւնը, ապա նոր գորովով շարունակենք խաչի ճանապարհը որ մեզ կը տանի Յարութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին, որպէսզի Անոր մայրական օգնութեամբ հաւատքով եւ վեհանձնութեամբ շարունակենք քառասնորդացի ճանապարհորդութիւնը։  

 Յայտնենք թէ յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն կու տայ Հռոմի Սան Ճելազիօ Ա Պապ ժողովրդապետութեան։

Ան Վատիկանէն կը մեկնի ժամ 15.15 ու հովուական այցի վայր կը ժամանէ 15.45-ին ուր յաջորդաբար կ՛այցելէ ժողովրդապետութեան մարզադաշտը, հանդիպեմ ունենալով Քրիստոնէականի դասընթացքներուն յաճախող մանուկներուն ու պատանիներուն հետ, ապա Ժողովրդապետութեան թատերասրահին մէջ կը հանդիպի ժողովրդապետութեան տարեցներուն եւ հիւանդներուն հետ, հուսկ ժողովրդապետութեան առաջին յարկի սրահներուն մէջ կը հանդիպի Քարիթասի կամաւորներուն հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան հիւր երկու գաղթական երիտասարդներուն հետ։

Հանդիպումներու աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը մատակարարէ խոստովանքի խորհուրդը հուսկ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին վերջ տալով հովուական այցելութեան վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.