2018-02-24 08:48:00

Սուրիական բանակը մուտք գործեց Թալ Ռիֆաաթ եւ Աֆրինի մէջ հակադարձեց Թրքական ռմբակոծումին


Սուրիական բանակի հրետանին հակադարձեց թրքական ռմբակոծումին, որ թիրախ դարձուց Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Նապըլ քաղաքի հիւսիսը գտնուող Զիարա անցակէտը:

Թրքական հրետանին հինգշաբթի օր ռմբակոծած էր Աֆրին սննդեղէն փոխադրող կարաւան մը, ինչ որ պատճառ դարձած էր քաղաքայիններու շարքին վիրաւորներու արձանագրութեան: Սուրիական բանակը բուռն կերպով հակադարձեց ռմբակոծելով ռմբակոծումին աղբիւրը եղող Ազազ քաղաքին մէջ գտնուող թրքական դիրքերը:

Մինչ այդ, «Սփութնիք» հաղորդեց, որ սուրիական բանակը մուտք գործած է Հալէպի նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաք, ուր գտնուող քրտական ուժերը մեկնած են Աֆրին: Ընկերային ցանցերու օգտատէրեր ցուցադրեցին Թալ Ռիֆաաթ ուղղուող սուրիական բանակի կարաւանին լուսանկարները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Քայլ առ քայլ կը մօտենանք Աֆրինի կեդրոնին եւ յաջողեցանք «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող հողերէն 415 քառակուսի քիլոմեթրը մաքրագործել»:

«Աֆրինի գործողութեան ընթացքին կատարեալ զգուշութեամբ կը վարուինք քաղաքայիններուն հետ, եւ եթէ այդպէս չըլլար, գործողութիւնը շատոնց հասցուցած կ՛ըլլայինք իր աւարտին», նշեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Աֆրինը եւ Մընպեժը պիտի մաքրագործենք, ու զանոնք պիտի վերածենք սուրիացի գաղթականներու վերադարձին համար ապահով շրջաններու: Այս ուղին պիտի շարունակենք մինչեւ վերջ»:

«Շրջանին մէջ ռազմավարական բլուրներու մեծամասնութեան մեր զինուորներուն կողմէ ահաբեկիչներէն մաքրագործուելէն ետք, «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մէջ յառաջիկայ փուլին աւելի արագ յառաջդիմութիւն կը նախատեսենք», ըսաւ Էրտողան:








All the contents on this site are copyrighted ©.