2018-02-23 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Հոգեւոր Կրթութեան աւարտի եւ խաղաղութեան նուիրուած օրուան առթիւ։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 23 փետրուարին վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն քառասնորդացի  հոգեւոր կրթութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ կիրակի՝ 18 փետրուարի երեկոյեան եւ որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա շրջանի «Աստուածային Վարդապետ» կեդրոնին մէջ եւ որուն այս տարուայ քարոզիչն էր Փորթուկալցի Հայր  Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան որ  որպէս քառասնորդացի հոգեւոր  կրթութեան խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած էր «ծարաւի գովաբանութիւնը» հաստատելով թէ «Ամէն մարդ էակ ծարաւի է։ Ծարաւն ունինք սիրոյ, ճանաչումի, յարաբերութիւններու, արժանապատուութեան, երկխօսութեան, հանդիպումի ու մարդկայնութեան, ինչպէս նաեւ առատ ծարաւն ունինք Աստուծոյ»։

Այսօր՝ 23 փետրուարին կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրը։ Այս երկու իրադարձութիւններու առթիւ՝ Քահանայապետական թուիթրրեան @pontifex կայքին վրայ, 4 օր դադարէ ետք, հրապարակուեցաւ թուիթ մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ մեր երկնաւոր Հայրը միշտ մտիկ կ՛ընէ իր զաւակներու աղերսին ու հրաւիրեց այս ուղղութեամբ Անոր նուիրել այսօրուան խաղաղութեան համար աղօթքի ու պահքի օրը։

«Մեր Երկնաւոր Հայրը  միշտ մտիկ կ՛ընէ ցաւի մէջ Իրեն աղերսող իր զաւակներուն։ Այսօր Անոր նուիրենք խաղաղութեան համար աղօթքի ու ծոմապահութեան Օր մը» գրեց Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով մասնակցելու այս պահեցողութեան եւ աղօթքի օրուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.