2018-02-23 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապի շնորհակալութեան խօսքը հոգեւոր կրթութեան աւարտին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 23 փետրուար 2018-ին- Արիչչիա գիւղաքաղաքին մէջ կայացող Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յանուն հոգեւոր կրութեան բոլոր մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հոգեւոր կրթութեան քարոզիչին՝ Հայր Խօսէ Թոլենթինօ Մենտոնսային:

«Շնորհակալ եմ աս օրերուն մեզի ընկերանալուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցնելով նաեւ թէ այսօր կը նշուի հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի ու նաեւ Սուրիոյ  խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի ու ծոմապահութեան օրը ապա գնահատեց Քարոզիչին ՝ եկեղեցւոյ մասին ներկայացուցած զրոյցները ու յատկապէս անոր ներկայացուցած յորդորները չի նօսրացնելու ու փոքրացնելու այդ եկեղեցին աշխարհիկ դիւանակալութեամբ։

«Շնորհակալ եմ որ մեզի յիշեցուցիր թէ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին վանդակն է, թէ Հոգին  կը սաւառնի ու  կը գործէ նոյնիսկ անհաւատներու եւ հեթանոսներուն մէջ ինչպէս նաեւ այլ կրօնային դաւանութեան անձերուն մէջ»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  եւ աւեցուց «Շնորհակալ եմ այն հրաւէրին՝ բացուելու առանց վախի, առանց հակասութեան, հլու ըլլալու համար Սուրբ Հոգւոյն մէջ եւ ոչ թէ չորցած մեր փակ պահուած կառոյցներուն» մէջ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ  ու քարոզիչէն խնդրեց, որ շարունակէ աղօթել իրենց համար ապա անոր վրայ  հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.