2018-02-23 08:20:00

Ուրբաթ, փետրուարի 23ը խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի եւ պահքի օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած էր՝ որպէսզի ուրբաթ, փետրուարի 23ը  ըլլայ աղօթքի եւ պահքի օր մը։ Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը՝ կիրակի 4 փետրուար 2018-ին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին հրաւիրած էր հաւատացեալները 23 փետրուարը յատկացնելու ծոմի եւ աղօթքի ի նպաստ խաղաղութեան յատկապէս Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի համար ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ շրջաններու համար ուր տակաւին կը շարունակուին հակամարտութիւնները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց ոչ կաթողիկէ եւ ոչ քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը միանալու այդ օրուան ձեռնարկին ամէն մէկը իրեն յարմար թուող ձեւի համեմատ։
Բազմաթիւ կաթողիկէ ու քրիստոնեայ հաստատութիւններ ընդառաջեցին Սրբազան Քահանայապետին վերոնշեալ կոչին որոնց շարքին է նաեւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակուիւնը որ ուրբաթ 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8ին, Հռոմի Թրասթեւերէ թաղամասի Սանթա Մարիա տաճարին մէջ կազմակերպած է ժամասացութեան արարողութիւն մը, օրուան աղօթքները մատուցելով յատկապէս Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի համար։

Յիշեալ ափրիկեան երկու երկիրները, որոնց համար Սրբազան Պապը աղօթք եւ պահեցողութիւն խնդրած էր, ենթակայ են բռնութեան, աղքատութեան եւ քաղաքական ու ցեղային պառակտումներու։ Հարաւային Սուտանի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած են թողել իրենց տուները՝ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, եւ ապրիլ Ուկանտայի, Եթովպիայի եւ Քենիայի փախստականներու ճամբարներու մէջ։
2014 թուականին Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութիւնը Հիւսիսային Ուկանտայի մէջ հիմնած էր «Խաղաղութեան Դպրոցը», որ երաշխաւորած էր հազարաւոր մանուկներու եւ հարիւրաւոր կիներու կրթութիւնը, միաժամանակ բազմաթիւ փախստականներու համար աշխատանքի առիթ ստեղծելով։ Դպրոցի հիմնական ուսուցումը խաղաղութեան դաստիարակումն է։

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, որ հարուստ է բնական հանածոներով, յատկապէս ծերեր եւ մանուկներ ենթակայ են հակամարտութիւններու եւ անարդարութիւններու պատճառած հետեւանքներուն։ Այնտեղ վտանգուած է ժողովրդավարութեան կառուցումը։
Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութիւնը, որ ներկայ է Քոնկոյի մէջ, արդէն տարիներէ ի վեր կʼիրականացնէ Խաղաղութեան Դպրոցներ։ Նաեւ ՍԻՏԱյի հիւանդներուն կը մատուցուի բժշկական ծառայութիւն։ Այս ջանքերը արդէն իսկ յաջող ելք ունեցած են, որուն շնորհիւ 11 ափրիկեան երկիրներու մէջ, ՍԻՏԱյով վարակուած մայրեր ծնունդ տուած են աւելի քան հարիւր հազար առողջ մանուկներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.