2018-02-23 11:14:00

Թուրքիոյ մէջ 15 լեզու անհետացման վտանգի տակ է


UNESCO-ի ամենամեայ զեկոյցին մէջ` Թուրքիոյ նուիրուած բաժինին մէջ, թուարկուած են բոլոր այն 15 լեզուները, որոնք անհետացման եզրին յայտնուած են:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, ըստ զեկոյցի` 3 լեզու արդէն անհետացած է Թուրքիոյ մէջ: Անոնք են. Կապադովկիոյ յունարէնը, ուբիխեան լեզուն, որ կ՛օգտագործուէր Թուրքիոյ արեւելքը եւ հիւսիսբոհտանեան  մահսօ լեզուն, որ արամէական ծագում ունի:

Անհետացման վտանգի մէջ յայտնուած լեզուներն են. համշեներէնը, գագաուզերէնը, սեֆարդի հրէաներու լեզուն, թուրոյա լեզուն (կ՛օգտագործուի Մարտինի Միտեաթ շրջանին մէջ), աբխազերէնը, լազերէնը, չերքեզերէնը, պոնտական յունարէնը, գնչուներու կողմէ կիրառուող սինտի լեզուն եւ այլն:

Թուրքիան Նեփալի, Փաքիստանի, Պանգլատէշի, Կուաթեմալայի ու շարք մը այլ երկիրներու հետ յայտնուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք թէեւ իրենց տարածքին մէջ ունին  բազմաթիւ լեզուներ, բայց պետական կրթական ծրագիրով կը դասաւանդեն միայն մէկ լեզու:








All the contents on this site are copyrighted ©.