2018-02-23 10:27:00

Թուրքիոյ Հայ մտաւորականութիւնը կոչ ուղղած է Պատրիարքի ազատ ընտրութիւն կատարելու


Թուրքիոյ շարք մը հայ մտաւորականներ միացեալ կոչ հրապարակած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի շուրջ մէկ տարիէ աւելի շարունակուող ճգնաժամային վիճակի եւ վերջերս Արամ արք. Աթեշեանի` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակման վերաբերեալ:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ նամակը ստորագրած են Թուրքիոյ մէջ գործող բազմաթիւ հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, որոնց շարքին են Հայկօ Ճեփքինը, Պարոյր Գոյումճեանը, Սարօ Ուսթան, Բագրատ Էստուկեանը, Պարթեկը, Մասիս Արամ Կէօզպեքը, Նազան Մաքսուտեանը, Արաս Էրկիւնեշը, Սեւան Մատաթեանը, Լեռնա Էքմեքճիօղլուն, Արարատ Շեքերեանը, Թագուհի Թովմասեանը, Զաքարիա Միլտանօղլուն, Լարա Նարինը եւ ուրիշներ:

Նամակի հեղինակները Թուրքիոյ հայութեան բոլոր խաւերուն ու հաստատութիւններուն կոչ ուղղած են` կարելի բոլոր հարթակներուն մէջ շարունակելու բողոքել պատրիարքի ընտրութեան համայնքային իրաւունքին իշխանութեան անընդունելի միջամտութեան դէմ, որովհետեւ «համակերպումէն բխած խաղաղութիւնը ոչ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք»:

«Ի դէմս Կրօնական ժողովի` կոչ կ՛ուղղենք հոգեւորականներուն չմոռնալու համայնքին առջեւ իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնը եւ պահելու իրենց խոստումը», ըսուած է նամակին մէջ` նկատի ունենալով Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ժողովրդական ընտրութեան կազմակերպումը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Պոլսոյ նահանգապետարանի հրաւիրած արտակարգ ժողովի ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններուն կազմակերպումով զբաղող նախաձեռնող խումբի անդամներու եւ հայկական հիմնադրամներու ղեկավարներու ներկայութեամբ պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ աւելի քան 9 տարի մահագունի մէջ գտնուող պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի կենդանութեան օրով հայ համայնքին պիտի չթոյլատրուի որեւէ նոր ընտրութիւն կատարել եւ պետութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ իր` 2010 թուականին նախարարաց խորհուրդին կողմէ Արամ արք. Աթեշեանը պատրիարքի փոխանորդ կարգող որոշումին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.