2018-02-22 08:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցը Հռոմի Սան Ճելազիօ Ա Փափա ժողովրդապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի թեմին հրապարակած մէկ  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ յառաջիկայ կիրակի՝ 25 Փետրուար 2018-ի յետմիջօրէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այց պիտի կատարէ Սան Ճելազիօ Ա Փափա ժողովրդապետութեան,  հանդիպելով ժողովրդապետութեան հասարակութեան հետ։

Հովուական այցի վայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետ  պիտի դիմաւորուի Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքիեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ, շրջանի եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Ճուզեփփէ Ռաչիթիի ու փոխ ժողովրդապետ Հայր Ալֆիօ Քարպոնարոյի կողմէ։

Հովուական այցելութեան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնէականի պատանիներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն, ընտանիքներուն, աղքատներուն  ու Քարիթասի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մատակարարէ խոստովանքի խորհուրդը ու այցելութիւնը պիտի աւարտէ Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ զրոյց պիտի ունենայ նաեւ Կամպիայի հանրապետութենէն ժողովրդապետութեան հիւր երկու գաղթական երիտասարդներու հետ։

1972-ին հիմնուած Սան Ճելազիօ Ա Փափա ժողովրդապետութիւնը յաճախուած է բազմաթիւ հաւատացեալներու կողմէ որոնց շարքին բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք ժողովրդապետութեան ակումբը կը յաճախեն ամէն  օր այնտեղ  մասնակցելով ժողովրդապետութեան ձեռնարկներուն։

Ժողովրդապետութեան անդամ էր նաեւ փոքրիկն Ճուլիան որ 2016-ին կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի ընթացքին, իր մարմինով վահան կանգնեցաւ իր փոքրիկ քոյրիկին, զայն փրկելով ապահով մահէն ու իր կեանքը տալով անոր համար։ Ժողովրդապետութեան քրիստոնէականի սրահը  նուիրուած է անոր յիշատակին։

Ժողովրդապետութիւնը ապա խնամք կը տանի 250 աղքատներու որոնք ամէն հինգշաբթի կը դիմեն ժողովրդապետութեան՝ զանազան օգնութիւններ ստանալով։ Մինզզամսուայ ամէն երկրորդ կիրակին նուիրուած է ընտանիքներուն, որոնք կիրակնօրեայ սուրբ զոհէն ետք, կը համախմբուին ժողովրդապետութեան սրահներուն մէջ զրուցելու ու քննարկելու ընտանիքի հայող զանազան հարցեր, կան ապա աղօթքի ու խորհրդածութեան եկեղեցական հասարակութիւններ, որոնք ամէն շաբաթ իրարու կը հանդիպին տուներու մէջ, միասին կարդալու ու խորհրդածելու Աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.