2018-02-22 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մի վախնար Մարիամ որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղուկաս 1,30)։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին 25 մարտին նշուելիք,2018-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին բնաբանը։

Այս երկրորդ անգամն է որ Նորին Սրբութիւնը կը հրապարակէ երիտասարդներուն ուղղած պատգամ մը առ ի պատրաստութիւն 2019-ի ԵՀՕ  միջազգային հաւաքին որպէս բնաբաններ ընտրելով Սւրբ Կոյս Մարիամին հայող խօսքեր։ Արդարեւ անցեալ տարուայ պատգամի բնաբանն էր «Որովհետեւ Հզօրն ինծի Մեծամեծ բաներ ըրաւ» ապա յառաջիկայ տարուայ բնաբանը պիտի ըլլայ «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես»։

Սրբազան Հայրը պատգամը կը սկսի խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ու դիտել տալով թէ 2018-ի ԵՀՕ  քայլ մըն է դէպի յառաջ, 2019-ի Յունուարին Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան միջազգային հաւատքի պատրաստութեան։ Այս մեր ուխտագնացութեան փուլը կը զուգադիպի Եպիսկոպոսներու սովորական սիւնհոդոսի հաւաքին որուն նիւթն է «երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը, աղօթքն ու խորհրդածութիւնները պիտի յատկացուին երիտասարդներուն, իղձովն այն հասկնալու եւ ամենէն առաջ ընկալելու այն թանկարժէք պարգեւը զոր դուք կը ներկայացնէք Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու աշխարհին համար։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա ԵՀՕ բնաբանին, հաստատելով թէ Տիրամայրը մեզի կ՛ընկերանայ դէպի Փանամայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաք, ապա մեկնաբանեց Հրեշտակին՝ Մարիամին ուղղած  խօսքերը «Մի՛ Վախնար Մարիամ որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղուկաս 1,30)։

Մի Վախնար

Ինչպէս հասկնալի է Հրեշտակին երեւումը ու անոր խորհրդաւոր ողջոյնը «ողջոյն քեզ Անարատ յղացեալ, Տէրը քեզի հետ», Մարիամին մէջ խռովութիւն ստեղծեցին, ան զարմանքի մատնուեցաւ ու Աստուծոյ կոչի խորհուրդին առջեւ դողի մատնուեցաւ, սակայն հրեշտակը անոր կ՛ըսէ «մի վախնար»։ Մի վախնար որովհետեւ Աստուած կը ճանչնայ նոյնիսկ մեր ներքինը ու լաւապէս գիտէ մարտահրաւէրները զոր պիտի դիմագրաւենք մեր կեանքին մէջ - գրեց Սրբազան Քահանայապետը ու հարց տուաւ «Դուք երիտասարդներ ի՞նչ վախեր ունիք։ Ի՞նչն է որ ձեզ կը խռովէ խորքին մէջ» ու ակնարկեց երիտասարդներուն ապրած «խռովութիւններուն» ուր շատեր իրենք զիրենք սիրուած չեն զգար եւ կամ մերժուած են։ Բազմաթիւ երիտասարդներ կը փորձեն համակերպիլ «արհեստական» չափանիշերու որոնք շատ անգամ անհասանելի են ու այս ընելու համար կը պահուըտին դիմակներու ու կեղծ ինքնութեան ետին իրենք եւս դառնալով «“fake -սուտ”. Շատերուն ձգտումը «like» ընդունիլն է ու ասկէ յառաջ կու գայ վախի եւ անապահովութեան զգացումներ - գրեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ  կան նաեւ ուրիշներ  որոնք վախ ունին որ պիտի չի կարենան սիրոյ ապահովութիւն մը գտնել։ Ապա այլ երիտասարդներ կը տատամսին «արհեստավարժ» աշխատանք չի գտնելու վախի դիմաց…այս բոլորը վախեր են որոնք ներկայ են երիտասարդներուն մօտ, ըլլան անոնք հաւատացել կամ ոչ - գրեց Սրբազան հայրը ու թելադրեց «տատամսումի ու վախի պահերուն ունենալ զատորոշում» որ  առիթ կու տայ կարգ ու կանոն հաստատելու մեր մտքերու ու մեր զգացումներու խառնաշփոթութեան մէջ, «որպէսզի կարողանանք վարուիլ արդար եւ խոհեմ կերպով»։

«Այս ուղղութեամբ առաջին քայլը ըլլալու է «յստակութեամբ բնորոշել վախերը, որպէսզի յաղթահարենք զանոնք» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները հարց տալու թէ «ի՞նչն է որ զանոնք կը խռովէ, ի՞նչն է որ անոնց արգելք կը հանդիսանայ յառաջ ընթանալու, ու թէ ինչո՞ւ քաջութիւնը չունին վճռակամ քայլեր առնելու»։

«Մի վախնաք պարկեշտութեամբ նայելու ձեր վախերուն, զանոնք ճանչնալու ու ապա զանոնք դիմագրաւելու» գրեց ապա Քահանայապետը, մատնանշելով Աստուածաշունչի մէջ մեր նախահայրերու վախերուն սկսեալ Աբրահամէն, Մովսէսէն ու Պետրոսէն որոնք վախեր ու վրդովումներ ապրեցան։

«Մեզի քրիստոնեաներուս համար վախը չի կրնար ունենալ վերջին խօսքը, այլ ըլլալու է առիթ Աստուծոյ նկատմամբ Հաւատքի դաւանանքի ու հաւատք նաեւ կեանքի նկատմամբ» գրեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ «Սուրբ Գրքին մէջ Մի վախնար խօսքը կրկնուած է 365 անգամ, տարւոյն օրերուն նման» ապա մատնանշեց զատորոշումին անհրաժեշտութեան, յատկապէս սեփական կոչումին փնտռտուքի ընթացքին։ «Կոչումը արդարեւ կոչ մըն է «բարձունքէն» եւ զատորոշումը« այս ուղղութեամբ կը նշանակէ բացուիլ Բարձրեալին որ մեզ կը կոչէ։ Ասոր համար անհրաժեշտ է աղօթքի լրութիւնը՝ լսելու համար Աստուծոյ ձայնը որ կը հնչէ խղճերուն մէջ։ Ան կը բախէ մեր սրտերուն դռները, ինչպէս ըրաւ Մարիամին հետ, եւ կը փափաքի մեր հետ հաստատել բարեկամութիւն՝ աղօթքի մէջ, մեզի հետ խօսիլ սուրբ գիրքի միջոցաւ ու մեզի նուիրել իր ողորմութիւնը խոստովանանքի խորհուրդին մէջ ապա մեր հետ մի ըլլալ՝ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց այս առընչութեամբ ուրիշներու հետ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս մեր հաւատքի եղբայրներու ու քոյրերու հետ յարաբերութիւնը, ու հաստատեց «երբ տարակոյսի մէջ էք գիտցէք թէ կարող էք վստահիլ Եկեղեցւոյ ու անոր անդամներուն,  որոնք կարող են ձեզի ընկերանալ, ոգեւորուած Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներով։ Իսկական քրիստոնեաները երբեք վախ չունին բացուելու ուրիշներուն ու անոնց հետ կիսելու կենսական պահեր զանոնք փոխակերպելով եղբայրութեան վայրերու» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը որ ապա երիտասարդներուն յորդորեց թոյլ չի տալ որ երիտասարդութեան հմայիչ լոյսը մարի փակ սենեակի մը մէջ որուն՝ աշխարհը դիտելու միակ պատուհանը «համակարգիչ» մը կամ «բջիջային հեռախօս» մըն է։ Բացէք ձեր կեանքը դռները. «Ձեր տարածքներն ու ժամանակը լեցուցէք շօշափելի անձերով, խոր յարաբերութիւններով,  իսկական փորձառութիւններով» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց երկրորդ բառի մը «Մարիամ»։

Մարիամ

Առաջին պատճառը վախի չի մատնուելու այն է որ Աստուած մեզ կը կոչէ մեր անունով։ Հրեշտակը Մարիամը կոչեց իր անունով։ Աստուած արդարեւ ամէն մէկ արարածի պարգեւած է անուն մը ու այդ անունին ետին կայ ինքնութիւն մը որ իւրայատուկ է իւրաքանչիւր անձի համար։

Երբ Աստուած անձ մը կը կոչէ միեւնոյն ժամանակ անոր կը յայտնէ անոր կոչումը, անոր սրբութեան ու բարիի ծրագիրը, որուն միջոցաւ այդ անձը կը դառնայ պարգեւ ուրիշներուն համար։

Սիրելի երիտասարդներ կոչուած ըլլալ մեր անունով նշան է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ մեր արժանիքին, Անոր մեզի ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան։   Ուրախութեամբ ընկալեցէք Աստուծոյ ձեզի առաջարկած երկխօսութիւնը, այդ կոչը զոր Ան ձեզի կ՛ուղղէ, ձեզ ձեր անունով կոչելով» գրեց Սրբազան Պապը ու անդրադարձաւ երրորդ նախադասութեան «Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար»։

Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար

Մարիամի չվախնալու հիմնական պատճառը այն է թէ ինք շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ։ Շնորհք բառը կը խօսի ձրի սիրոյ մասին։ Որքան քաջալերանքի առիթ է իմանալ թէ մենք պէտք չէ արժանիքներ ունենանք արժանանալու համար Աստուծոյ մօտիկութեան ու Անոր օգնութեան։ Հրեշտակը Մարիամին կ՛ըսէ դուն արդէն շնորհք գտար Աստուծոյ մօտ։ Աստուածային շնորհքը արդարեւ անցողակի կամ ժամանակաւոր չէ այլ յարատեւ է,  յատկապէս խաւարի ու դժուարութեան պահերուն։ Այդ մնայուն շնորհքը քաջալերանք մըն է վստահութեամբ ընդունելու մեր կոչումը որ կը պահանջէ հաւատարմութեան յանձնառում, զոր պէտք է վերանորոգենք ամէն օր։ 

«Կոչումին ուղեւորութիւնը արդարեւ Խաչէ զուրկ ուղեւորութիւն մը չէ եւ ճանապարհորդութեան ընթացքին բազմաթիւ են փորձութիւնները, սակայն Քրիստոսի աշակերտը գիտէ թէ Աստուծոյ շնորհքը թիկունք կը կանգնի իրեն» գրեց Սրբազան Պապը ու պատգամի վերջին հատուածը նուիրեց  «քաջութեան»։

Ներկայի մէջ քաջութիւն

Մեկնելով այն վստահութենէն թէ Աստուծոյ շնորհքը մեզի հետ է, յառաջ կու գայ ուժը՝ ներկայի մէջ քաջութեան։ Քաջութիւն յառաջ տանելու այն ինչ որ Աստուած մեզմէ կը պահանջէ։ Քաջութիւն ընդունելու կոչումը զոր Աստուած մեզի ցոյց կու տայ. քաջութիւն ապրելու մեր հաւատքը անվախ ու առանց զայն նուաստացնելու» գրեց Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Այո՛ երբ բացուինք Աստուծոյ շնորհքին, անկարելին կը դառնայ իրականութիւն»։ Հուսկ մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը «Եթէ Աստուած մեր հետն է ո՞վ է մեզի հակառակ» երիտասարդներուն վստահեցուց թէ Քահանայապետը կը վստահի անոնց, Եկեղեցին կը վստահի անոնց ու թէ իրենք վստահելու են  եկեղեցւոյ, ապա իրենց ներուժը օգտագործելու են աշխարհը փոխելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց որ Եկեղեցիէն ներս  անոնք ունենան կարեւոր պատասխանատուութիւններ հրաւիրելով երիտասարդները պատրաստուելու այդ պատասխանատուութիւններու ստանձնումին։

«Կը հրաւիրեմ ձեզ խոկալու Մարիամի սիրոյն վրայ։ Սէր լի արիութեամբ ու հիմնուած  անձնուիրումի վրայ» գրեց հուսկ Սրբազան Պապ ու պատգամը եզրափակեց երիտասարդներուն թելադրելով որ համապատասխանեն Տիրոջ, Եկեղեցւոյ ու աշխարհի կոչին։

Մինչ կը մօտենայ Փանամայի ԵՀՕ թուականը ձեզ կը հրաւիրեմ լաւապէս պատրաստուելու այդ ժամկէտին, այն ուրախութեամբ ու ոգեւորութեամբ որ մասնակից պիտի դառնաք մեծ արկածախնդրութեան մը։ ԵՀՕ վերապահուած է քաջերուն։ Ոչ թէ այն երիտասարդներուն որոնք կը փնտռեն միայն հանգիստը ու դժուարութիւններու դիմաց կը նահանջեն։ Կ՛ընդունի՞ք այս մարտահրաւէրը» հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր պատգամը որ կը կռէ 11 փետրուար 2018-ի թուականը։ Տուեալ ի վատիկան Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.