2018-02-22 11:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի շնորհակալութեան նամակը «վաշխառութեան դէմ» խորհուրդի նախագահին


(Ռատիօ Վատիկան) 12 փետրուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան նամակ մը յղած է  Իտալիոյ վաշխառութեան դէմ խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Ալպերթօ Տուրսոյին: 

Նամակին  մէջ Սրբազան Հայրը իր  շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը  յայտնածէ խորհուրդի անդամներուն,  վաշխառութեան թիրախ դարձած զոհերուն  նկատմամբ  տածած աշխատանքին համար, ապա յորդորած է խորհուրդին անդամներուն  քաջութեամբ  շարունակել  իրենց աշխատանքները  եւ յոյս ներշնչեն վաշխառութեան թիրախ զոհերուն

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը  աւարտած  է  բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.