2018-02-22 08:42:00

Ստորագրուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինին Պրիւքսելի մէջ ստորագրեցին Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու իրագործման մասին փաստաթուղթը:

Փետրուար 21-ին Պրիւքսելի մէջ կայացած հանդիպման Նալպանտեան եւ Մոկերինի
անդրադարձան COSME եւ «Հորիզոն 2020» ծրագիրներուն Հայաստանի մասնակցութեան, Ընդհանուր օդային գօտիի մասին համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին յաջորդ ամիս «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին Հայաստանի միանալու կապակցութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու ԵՄ Բարձր ներկայացուցիչը մտքեր փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ: Էդուարդ Նալպանտեան Ֆետերիքա Մոկերինիին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.