2018-02-24 20:26:00

Հռոմի Քոլոսէումի ամփիթատրոնը կարմիրով կը լուսաւորուի ի յիշատակ հալածուած քրիստոնեաներուն։


 

(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ՝ 24 փետրուարի երեկոյեան 6-ին, Հռոմի Քոլոսէումի ամփիթատրոնը կարմիրով  լուսաւորուեցաւ ի յիշատակ քրիստոնեայ մարտիրոսներուն ու հալածուած քրիստոնեաներուն։ Ձեռնարկը ծրագրուած էր «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական հիմնարկի կողմէ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա՝ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն կազմակերպութեան միջազգային նախագահը, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղարը գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան խորհրդարանի նախագահը Տիար Անթոնիօ Թաեանի։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ եկեղեցական եւ եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան հալածանքներու զոհերու վկայութիւններ, որոնց շարքին Փաքիստանցի Աշիք Մասիհէ եւ Իշամ Աշիքը՝ որ  Փաքիստանցի կաթողիկէ Ասիա Պիպիին ամուսինն ու դուստրն են. Ասիա Պիպին որ  2009-էն ի վեր մահապատիժի դատապարտուած է իր երկիրն մէջ, Մոհամմատի հայհոյելու սուտ մեղադրանքով, ապա իր անձնական վկայութիւնը  ներկայացուց Նիկերիացի Ռեպեքքա Պիթրուսը որ երկու տարիներ ամբողջ պատանդ եղած է Իսլամական Ծայրայեղ խմբաւորում՝ Պոքօ Հարամին։

Ձեռնարկը՝ որ ինչպէս նշեցինք հովանաւորուած էր « Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն » քահանայապետական հիմնարկի կողմէ, տեղի ունեցաւ նաեւ Մոսուլի եւ Հալէպի մէջ, ուր այլ նշանաւոր յուշարձաններ լուսաւորուեցան կարմիր գոյնով, յիշատակելու համար  աշխարհի զանազան կողմերու մէջ հալածուած քրիստոնեաները եւ խթանելու հաւատքի ազատութեան պաշտպանութիւնը։

Ձեռնարկին Նպատակն է զօրակցութիւն արտայայտել հալածուած կրօնական փոքրամասնութիւններուն ու միաժամանակ ուշադրութեան կոչել այս ողբերգական երեւոյթը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.