2018-02-21 08:10:00

Վարդանանց ճակատամարտի նշումը Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ։


Տասնհինգ դարեր առաջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կռիւն էր, որ մղեց հայ աւագանին ընդդէմ պարսիկ բռնակալ Յազկերտի դէմ՝ ողջ մարդկութեան պատգամելով ազատ կամքի իրաւունքի մասին։ Այո՛, 15 դարեր ետք, տակաւին մարդկութիւնը կը պայքարի փաստելու համար մարդկային կամքի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, առաւել օտարի լուծը մերժելու յանդգնութիւնը: Այս սկզբունքային հարցը պարտադրել կարենալու համար հաւա՛տք էր պէտք, հաւատք՝ ինքնորոշման իրաւունքի, հաւատք՝ ազատ կամք ունենանալու, հաւատք՝ հաւասարութեան գաղափարի եւ վերջապէս կամք՝ չենթարկուելու օտարի գմահաճոյքին։ Վարդան եւ իր քաջ ընկերները առաջնորդուեցան ա՛յդ իսկ հաւատքով։

Այս սկզբունքէն մեկնած՝ Հայ Քոյրերու վարժարանը ամէն տարի մեծ շուքով ու խանդավառութեամբ կը տօնէ Վարդանանց քաջերու յիշատակը՝ փոխանցելով աշակերտներուն ազատութեան գաղափարն ու զայն իրագործելու կամքի զօրութիւնը: Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին, վարժարանի «Դանիէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական Ս. պատարագ՝ Վարդանանց նահատակներու յիշատակին։ Պատարագիչ վարդապետն էր Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, որ իր քարոզով Աւարայրի ճակատամարտի մանրամասնութիւններուն անդրադարձաւ՝ յորդորելով աշակերտները հետեւիլ Վարդանի եւ իր ընկերներու օրինակին։

Աշակերտները սրահէն բաժնուեցան «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ: Պատարագին սպասարկեցին 7րդ դասարանի աշակերտները, իսկ 8րդ դասարանի աշակերտները կ՛առաջնորդէին պատարագի ընթացքը:

Պատարագին յաջորդեց պաշտօնական հանդիսութիւն: Օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Մարօ Գույումճեան։ Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ յոտնկայս «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ, որուն դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր վարժարանի ե-րաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիան, որ Վարդանանց քաջերը օրինակ բերաւ՝ պահպանելու մեր քրիստոնէական կրօնքը եւ ապրելու քրիստոնէական կեանքով։

Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան վարժարանի բոլոր աշակերտները, որմէ ետք Մարօ Գույումճեան բացատրեց օրուան խորհուրդը եւ ներկայացուց այդ ժամանակաշրջանի պատմական հոլովոյթն ու Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած Վարդանանց պատերազմի ներկայացումը՝ 3րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ։ Գեղեցիկ էր տեսնել Վարդանի (Կարէն Սամուէլեան) ըմբոստ հոգին ու վճռակամութիւնը՝ կռուելու ընդդէմ պարսիկին, նաեւ հետաքրքրական էր Քրիստափոր Թէրզեան, որ կը մարմնաւորէր Յազկերտը: Իսկ «փափկասուն տիկնայք»ը կը ներկայացնէին դասարանի աղջիկները։ Թամար Զաքքօ մարմնացուց հերոս հայուհին՝ Վարդանի դուստրը, իսկ մնացեալ աղջիկները իրենց պատմելու շնորհքով ամբողջացուցին թատերական պատկերները՝ տալով պատմական մանրամասնութիւններ. աւարտին, երբ ճակատամարտը վերջ գտած էր հերոսներու նահատակութեամբ, պատերազմի դաշտին վրայ Վարդանի մայրը (Հուրի Պետրոսեան) կ՛որոնէր իր զաւակը, մինչ կը հնչէր Քրիստինա Ակուլեանի մեղմիկ եւ քնքուշ ձայնը՝ մեկնաբանելով «Լռեց Ամպերը»ը:

Պատգամը լաւագոյնս փոխանցուած էր, հանդիսատեսը՝ բաւարարուած, իր խանդավառութիւնը դրսեւորեց նուիրատուութիւններ կատարելով:

Ուսուցիչները գոհունակ էին ի տես իրենց աշակերտներու յաջող նրկայացումներուն՝ վստահ ըլլալով, որ ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի գիտակցութեան սերմերը պարարտ հողի մէջ կը սուզուէին:








All the contents on this site are copyrighted ©.