2018-02-21 08:18:00

Չեղեալ է 21 փետրուարի Չորեքշաբթի օրուայ Հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 փետրուար 2018-ին,  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական  ունկնդրութիւնը տեղի ՛չունենար, տրուած ըլլալով որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամներուն հետ միասին, Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան շաբթուան առթիւ, կը գտնուի Արիչչայի «Աստուածային Վարդապետ»  անուան կեդրոնին մէջ։

Սովորութիւն է արդարեւ որ Քահանայապետերը՝ ամէն չորեքշաբթի օր, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կամ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ,  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեն հռոմ ժամանող ուխտաւորներուն։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները, ընդհանրապէս  սկիզբ կ՛առնեն  օրուան աւետարանական ընթերցումով զոր զանազան խօսնակներ կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներով, ապա Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ օրուան  խորհրդածութիւնը, որուն համառօտ ներկայացումը կը կատարուի նաեւ տարբեր լեզուներով։

Խորհրդածութիւնները ընդհանրապէս ունին կեդրոնական նիւթ մը, ինչպէս զոր օրինակ վերջին շրջանին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած է սուրբ պատարագի զոհի մեկնաբանութիւնը։

Նշենք թէ հրապարակային ունկնդրութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Հրապարակային կը կոչուի որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ հաւաքին։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի Սուրբ տարուայ ընթացքին, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը կառուցել տուած էր այդ դիտաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.