2018-02-21 08:06:00

Մէկ ու կէս միլիոն վարդարաններ Փանամայի Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 2019 Յունուարի 22-27, Փանամայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան Միջազգային Օրը։ Այդ հանդիպումին հետ կապուած, Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ սկիզբ դրուած է նախաձեռնութեան մը, ուր պիտի պատրաստուին մէկ ու կէս միլիոն վարդարաններ, ձիթենիի փայտով, որոնք պիտի նուիրուին Միջազգային Օրուան մասնակիցներուն։
Վարդարանները, պատրաստողները կարիքաւորներ, գաղթականներ, եւ բանտարկեալներու ընտանիքներ են։ Նախաձեռնութիւնը սկսած է Ռէյքեաւիքի հրաժարեալ եպիսկոպոս Գերպ. Փիէռ Պրիւխէր, անդամ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Սուրբ Երկրի ծրագիրներու համակարգումի։

Եպիսկոպոսը ըսած է, թէ այդ վարդարանները կը նուիրուին երիտասարդներուն, որովհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրած էր, որ աղօթենք խաղաղութեան համար։

Ձեռնարկը կը կոչուի “AveJmj”, որ կազմուած է «Ողջոյն» բառով եւ «Երիտասարդութեան միջազգային Օր» բառերու առաջին տառերով։

Շնորհիւ Երուսաղէմի Քարիթասին ձեռնարկի միջոցաւ շատ մը անհատներու աշխատանք հայթայթուած է։ Ծրագրուած է, ամսական պատրաստել 200հազար վարդարաններ։ Ցայսօր աշխատողները 11 արհեստաւորներ են, որոնք կու գան Պէյթ Սահուրէն, Պէյթ Ճալայէն եւ Բեթղեհէմէն։
Ծրագրին համար պիտի գործածուին 81 միլիոն հատիկներ եւ մէկ ու կէս միլիոն փայտեայ փոքր խաչեր։ 750 քիլոմեթր առաձգական թել պիտի գործածուի, որպէսզի երիտասարդները կարենան վարդարանը կրել իրենց դաստակին վրայ։ Կարելի է այս ձեռնարկին օժանդակութեան համար կատարել նուիրատուութիւններ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի միութեան կայքէջին վրայ՝ www.sjmvlausanne.org։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.