2018-02-21 10:04:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Երդում Շռայլողը

Մէկուն բան մը հաւատացնելու եւ կամ իրենց ըսածը ամրօրէն հաստատելու համար, շատեր երդման կը դիմեն: Ամէն մարդ ալ գիտէ երդումին ի՛նչ ըլլալը: Յատկապէս ծնողներ, որոնք բոլորն ալ սկզբունքով պէտք է իմանան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զաւակ, պէտք է ընդդիմանան եւ նոյնիսկ պախարակեն ա՛յն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն գլխուն, կամ անոնց «արեւուն», այսինքն՝ կեանքին վրայ կ՛երդնուն: Երեւոյթ մը, որ աններելի յանցանք է, երբ աստուածապարգեւ հոգեղէն այդ գանձերը ծնողներուն գերագոյն ուրախութիւնն են. իսկ այն պատճառը, որուն համար կարգ մը ծնողներ զանոնք «կը զոհեն»՝ անոնց արեւուն երդուելով, շատ յաճախ ինքնապաշտպանութեան համար է պարզապէս:

Ժողովուրդներ իրարմէ կը տարբերին նաեւ երդումի իրենց առարկաներով: Միաստուածեան կրօններ, որոնք առաջին իսկ հայեացքով զԱստուած գտած ըլլալու եւ բացարձակ ճշմարտութեան հետ արդէն իսկ հաղորդ եղած ըլլալու քաջ կեցուածքը կ՛արտայայտեն, պէտք է հեռու մնան երդումի բոլոր տեսակներէն: Մեր Աստուածը, զոր ճանչցած ենք եւ դաւանած իբրեւ ճշմարտութիւն, գերագոյն կարողութիւն է, եւ գերիվեր ամէն ինչէ: Ուրեմն, զԱյն երդման առարկայ դարձնելը նախ անարգանք է Անոր նկատմամբ եւ անհաւատութեան արտայայտութիւն՝ Անոր ոյժին հանդէպ: Ցաւալի է նկատել, անշուշտ, որ այս կրօններու հետեւորդներուն մէջ եւս կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հաւատացեալներու, որոնք Աստուծոյ անունով կ՛երդնուն: Երբեմն այնքան ընդհանրացած է այս երեւոյթը, որ Աստուծոյ անունով երդնուլը ստորակէտի տեղը անցած է ոմանց խօսակցութեան մէջ:

Բացարձակապէս արգիլուած է Յիսուսի մտածողութեան մէջ երդումը, որուն փոխարէն «այո՛» կամ «ո՛չ» պատասխանի այլընտրանքը կը տրուի: Ուրեմն այսքան արմատակա՛ն է Յիսուսի վարդապետութիւնը սոյն խնդիրին առնչութեամբ: Երկնքի մէջ եղած, կամ երկրի վրայ գտնուող որեւէ բանի, նոյնիսկ մեր սեփական գլխուն վրայ երդնուլը կ՛արգիլուի Յիսուսի կողմէ, որովհետեւ բոլորն ալ մեր հակակշիռէն դուրս են: Այդ բոլորին փոխարէն Յիսուս կը թելադրէ ճշմարտախօս ըլլալ, եւ՝ վե՛րջ:

Երդում շռայլողը ինքնավստահութեան պակասէ կը տառապի:

Ոմանց համար, երդումը վերջին ծածկոյթն է, որ զիրենք կրնայ փրկել ահագնացող փոթորիկէն ու «յարձակող» ցուրտէն:  Երդումը ստիպողաբար իր հետ պիտի բերէ իր «ընկերները»՝ նոր երդումներ՝ հօր ու մօր գերեզմանին, նուիրական սրբութիւններու՝ ինչպէս կնունքի սրբալոյս միւռոնին, խաչին ու աւետարանին, եւ այլ աներդուելի էակներու եւ իրերու:

Երդումը կարճագոյն միջոցն է դժուարութենէ խոյս տալու:

Ընդհանրապէս շատ գաղտնիքներ ունեցող մարդիկ կ՛երդնուն: Գաղտնիքները մարդիկը ստրուկ կը դարձնեն երդումներու, զորս այնքան աժան արժէքով կը գնեն անոնք մայթերու փերեզակներէն:

Գիտնալու համար թէ ո՞վ շռայլօրէն կ՛երդնու, կ՛արժէ ունկնդրել ստախօսի մը ճարտար պատճառանանութիւնները:

Ստախօսը ստիպուած է երդումներ շռայլելու, այլապէս տարիներու ընթացքին իր կառուցած սուտի «բուրգ»ը մէկ վայրկեանի մէջ փուլ կու գայ, քարերու դէզին տակ թաղելով նաեւ զինք: Սուտին կեանքը կարճ է, կ՛ըսեն, հաստատելու համար այն ճշմարտութիւնը, թէ սուտով իր ճամբան հարթող մարդը անպայման օր մը խորխորատ պիտի իյնայ:

Ստախօսին  կատարածը ինքապաշտպանութեան փորձ է, որուն զոհ կ՛երթան սրբութիւններ, իբրեւ երդման առարկաներ:

Երդումներ շռայլողը, վերջաւորութեան, իր կաշին իսկ փրկելու համար երդումներու կարիք պիտի ունենայ, սակայն՝ ի զուր…։








All the contents on this site are copyrighted ©.