2018-02-21 14:07:00

Թուրքիա. Ասորի Օրթոտոքս համայնքին վերադարձուեցան սեփական եկեղեցիներ ու վանքեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոր օրինագիծի մը որդեգրումով, Մարտինի մէջ  պետութեան հակակշիռին տակ գտնուող եկեղեցական կալուածները վերադարձուեցան Ասորի Օրթոտոքս համայնքին: Լուրը հաղորդած է  «Մոր Կապրիել» հիմնարկը, որ  Թուրքիոյ մէջ կը  մատակարարէ Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատկան ամէնէն մեծ վանքը։  Ֆիտես Լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ վերադարձուած եկեղեցական կալուածներուն շարքին են Մոր Մելքի, Մոր Եաքուբ եւ Մոր Տիմեթ վանքերը::      

Յայտենք,  թէ Մոր Կապրել հիմնարկը, 2017-ին յունիս ամսոյն, Մարտին մարզի  քաղաքացիական ատեանին  հայց ներկայացուցած էր ՝ կասեցնելու համար Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատկան՝ կալուածներու, եկեղեցիներու, գերեզմաններու՝ կառավարութեան հակակշիռին տակ առնելու գործընթացը։ Այդ ուղղութեամբ  սակայն Մարտինի  կառավարիչը յայտարարած էր  որ  Մարտինի եկեղեցիներու,  վանքերու  եւ կրօնական այլ կալուածներու մատակարարումը պէտք էին հպատակիլ  օրէնքի սահմանումին ու մինչեւ այդ ՝անոնք կը մնային արձանագրուած  Թուրքիոյ  Պետական գանձարանին մէջ եւ չեն դրուիր «Տիյանեթի» տրամադրութեան տակ։

Վերոնշեալ օրինագիծի որդեգրումով հարցը գտաւ իր վերջնական լուծումը ու կալուածները վերադարձուեցան իրենց սեփականատէրերուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.