Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է երջանկայիշատակ Վազգէն Ա Պալճեան (1955-1994թթ.) Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Երկերու ժողովածուի Բ հատորը`«Քարոզներ եւ խօսքեր» վերնագիրով` նուիրուած Հայոց 130-րդ Հովուապետի ծննդեան 110-ամեակին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Տեղեկատուական համակարգէն, ժողովածուին մէջ տեղ գտած են Վազգէն Ա Կաթողիկոսի` տարբեր եկեղեցական տօներու եւ յիշարժան արարողութիւններու առիթներով խօսուած քարոզները, որոնք ի մի բերուած են ցայսօր Վեհափառ Հայրապետին նուիրուած ժողովածուներէն եւ «Էջմիածին» ամսագիրէն:
Ժողովածուն հրատարակութեան պատրաստուած է Հրատարակչական բաժինի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեանի ջանքերով:
Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ
All the contents on this site are copyrighted ©. |