2018-02-20 08:26:00

Լիբանանի նախագահը Հայաստան պիտի այցելէ


Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը Փետրուար 21-ին պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին կը յայտնէ լիբանանեան al-Joumhouria պարբերականը:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ են երկրի ներքին գործոց նախարար Նուհադ ալ-Մաշնուք, արտաքին գործոց նախարար Ճտպրան Պասիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Հուսէյն Հաջ Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլայ Թուէյնի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի:

Հայաստանի մէջ նախագահ Աուն պիտի հանդիպի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ մեր երկրին մէջ բնակող լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Պիտի քննարկուին տնտեսական եւ քաղաքական համագործակցութեան առնչուող  հարցեր, ինչպէս նաեւ պիտի խօսուի այն հնարաւոր ուղիներու մասին, որոնք պիտի օգնեն առաջ մղելու տնտեսական փոխգործակցութիւնն ու ամրապնդելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.