2018-02-20 11:37:00

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներուն հրաւէրը 23 փետրուարին նշել խաղաղութեան աղօթի եւ ծոմապահութեան օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը,  ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին,  23   փետրուար 2018-ն,   հռչակեց աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր՝  Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ խաղաղութեան հաստատման  դիտաւորութեան:  

Արդարեւ  Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ 4 փետրուար 2018-ին,  կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք կոչ ուղղած էր  23 փտուարը հռչակելով Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի համար աղօթքի եւ ծոմի օր:   

Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրապարակած հաղոդագրութեան մէջ կարդինալ Տի Նարտօ Միացաեալ Նահանգներու կաթողիկէները հրաւիրած է անսալու հակառակամարտութիւնէ տառապող մարդոց աղաղակին եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ինքնիրեն    հարց տայ թէ ինչ կարելի է ընել  խաղաղութեան կերտման  համար:       

Ան յիշեցուցած Է Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը,  յառաջիկայ 23 փետրուարին, քառասնորդացի սկիզբը,   աղօթել  եւ ծոմ պահել աշխարհի խաղաղութան համար յատուկէն Քոնկոյի  եւ հարաւային Սուտանին համար  աւելցնելով որ հարաւային Սուտանը 2011-ին,  ձեռքբերելով անկախութիւնը  թիրախ դարձաւ կաշառակերութեան եւ քաղաքացիական պատերացմին,  մինչ Քոնկոյի  հանրապետութիւնը ի վիճակի չէ յարգել երկրի սահմանադրութիւնը՝   հակառակ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ի գործ դրած ջանքերուն, պետութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ խաղաղ լուծում գտնելու համար: 








All the contents on this site are copyrighted ©.