2018-02-19 08:37:00

Վատիկանի մԷջ պիտի զետեղուի Գրիգոր Նարեկացիի արձանը


Չեխիոյ Հորնի Քալնա քաղաքի արուեստանոց-ձուլարանին մէջ կը պատրաստուի 10-րդ դարու հայ միջնադարեան հոգեւորական, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ փիլիսոփայ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:

Հայերն այսօրը, յղում կատարելով Գանատայի Հորիզոն շաբաթաթերթին, կը յայտնէ, որ քանդակը նուէր է Հռոմի պապին եւ պիտի տեղադրուի Վատիկանի մէջ: Քանդակի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 5-ին: Այս մասին չեխական լրատուական գործակալութեան հաղորդած է քանդակի հեղինակ Դաւիթ Պապայեան:

Ֆրանսաբնակ 77-ամեայ քանդակագործ Դաւիթ Պապայեանի (Դաւիթ Երեւանցի-Հ.Ա) աշխատանքներուն կարելի է ծանօթանալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Ինչպէս կը նկարագրէ աղբիւրը, պրոնզէ քանդակի բարձրութիւնը 2 մեթր է: Գրիգոր Նարեկացին պատկերուած է տպաւորիչ մօրուքով, գլուխը վեր բարձրացուցած, որ կը լրացուի գիրքի, նուռի եւ հայկական եկեղեցիներու կերպարներով;

Պարբերականին հետ զրոյցին Դաւիթ Պապայեան ըսած է, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախապէս Սբ. Գրիգոր Նարեկացիի փոքրիկ արձան մը նուիրած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին, որ շատ սիրած է:  Նախագահն առաջարկած է քանդակագործին աւելի մեծ արձան քանդակել ու Հայաստանի անունով նուիրել Հռոմի Պապին:

Քանդակագործի խօսքով` ամենաբարդը Նարեկացիի ոգին արտայայտելն է:

Աւելցնենք, որ 2015-ի փետրուար 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Նարեկացին հռչակած է Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այդ տիտղոսը կը տրուի ընտրեալ սուրբերուն, որոնց ուսուցումն ու կեանքը իւրայատուկ կարեւորութիւն ունին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.