2018-02-19 08:25:00

Բ. Կիրակի Քառասնորդաց հայրապետական ձայնաւոր Ս. Պատարագ Հալէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։


Կիրակի, 18 Փետրուար 2018-ին Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք Միրիաթեան նախագահեց կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին նուիրուած Մարաշի եւ շրջակայքի նահատակներուն յիշատակին։ Սուրբ Զոհին երգեցողութիւնը ապահովեցուց` Ալեմշահ երգչախումբը։
Ս. Պատարագին ներկայ էին Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին անդամները. Անարատ Յղութեան քոյրերը. Եկեղեցւոյ յանձնախումբերը եւ  հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը։
Պատարագի աւարտին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Յուշակոթող ուր կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում. Հայր Մերէն վերջ եկեղեցւոյ շեփորախումբը հնչելուց սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգերը։
Արարողութեան աւարտին Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը հիւրերը ընդունեց եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։

Այս առիթով խօսք առաւ պրն. Միշել Քէշիշեան հակիրճ պատմական մը ընելով Մարաշի եւ մարաշցիներու մասին ու նկարագրելով ակումբին, դպրոցին եւ մանաւանդ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը։ Ան ըսաւ «Աստուծոյ կամքով պիտի վերադառնանք, պիտի վերականգնենք եւ պիտի գոյատեւենք»։
Գերապայծառ Տէրը իր կարգին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ միութեան եւ ժողովրդապետութեան նուիրեց՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը ներկայացնող Հռոմի մէջ նոր լոյս տեսած դրամանիշեր։
Աջահամբոյրէ ետք ներկաները գոհունակ հրաժեշտ առին ու վերադարձան իրենց օճախները։








All the contents on this site are copyrighted ©.