2018-02-18 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը՝ «Աղօթեցէք ինծի եւ համագործակիցներուս համար»։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 18 փետրուար 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, քաղուած օրուան աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի անապատին մէջ փորձութիւններու մասին. «Եւ Հոգին մղեց զինք դէպի անապատ, ուր մնաց քառասուն օր եւ փորձուեցաւ սատանայէն» (Մարկոս 1, 12-13)։

Յիսուս անապատ կ՛երթայ պատրաստուելու համար աշխարհի մէջ իր առաքելութեան։ Ան պէտք չունի ապաշխարութեան, սակայն՝ որպէս մարդ, պէտք է փորձարկէ դժուարութիւնները, ըլլայ իրեն համար, ըլլայ իր Հօր կամքը կատարելու համար եւ ըլլայ մեզի համար, որպէսզի մեզի պարգեւէ շնորհքը փորձութիւնները յաղթահարելու։ Յիսուսի այդ պատրաստութիւնը կը կայանայ չար ոգիին դէմ պայքարելու մէջ։ Մեզի համար եւս քառասնորդացը հոգեւոր մարզանքի շրջան է - ըսաւ Քահանայապետը - Մենք կանչուած ենք դիմակայելու  Չարին, աղօթքի միջոցաւ, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ կարող ըլլանք զայն յաղթելու։ Ու Չարը դժբախտաբար կը գործէ մեր մէջ ու մեր առօրեային մէջ, ճիշտ այնտեղ ուր կը յայտնաբերուին բռնութիւնները, ուրիշի մերժումը, փակումներ, պատերազմներ եւ անարդարութիւններ։

Անապատի փորձութիւններէն անմիջապէս ետք Յիսուս սկիզբ կու տայ Աւետարանի քարոզութեան, այն բարի լուրին որ մարդոցմէ կը պահանջէ ապաշխարանք ու հաւատք։ Յիսուս արդարեւ կը հռչակէ թէ «ժամանակը լրացած է եւ մօտեցած է Աստուծոյ արքայութիւնը» ապա կը յորդորէ «ապաշխարել եւ հաւտալ աւետարանին»։

Մենք եւս պէտք ունինք ապաշխարութեան - ըսաւ Քահանայապետը - դիտել տալով թէ ապաշխարելու համար հարկաւոր է քաջութիւնը ունենալ մերժելու սուտ արժէքները, որոնք մեզ կը խափէն ու մեզ կը շեղէն մեր ճանապարհէն ու թէ հարկաւոր է նաեւ վստահիլ Տիրոջ՝ Անոր բարութեան ու Անոր մեզմէ իւրաքանչիւրիս վերապահած սիրոյ ծրագրին։

Քառասնորդացը ժամանակ է դարձի, սակայն տխուր ժամանակ մը չէ - յարեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով թէ «Այդ ըլլալու է ուրախ յանձնառում, որպէսզի մերկանանք մեր եսասիրութենէն ու մեր հին մարդէն ու նորոգուինք Սուրբ Մկրտութեան խորհրդուի շնորհքի համաձայն»։

Միայն Աստուած է որ կարող է մեզի պարգեւել իսկական երջանկութիւնը, ուստի աւելորդ է ժամանակ վատնել երջանկութիւնը փնտռելով այլուր՝ հարստութեան, հաճոյքի, իշխանութեան ու այլ իրերու մէջ…. «Աստուծոյ արքայութիւնը մեր բոլոր ձգտումներուն իրականացումն է, որովհետեւ ան մարդու փրկութիւն ու Աստուծոյ Փառքն է» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց Քառասնորդացի այս կիրակի օրուան առթիւ համապատասխանելու Յիսուսին  ապաշխարութեան եւ հաւատքի կոչին ու մեր դէպի Զատիկ ուղեւորութիւնը սկսելու յանձնառումով, որպէսզի միշտ աւելիով ընկալենք Աստուծոյ շնորհքը որ կ՛ուզէ աշխարհը փոխել՝ արդարութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան թագաւորութեան մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ այդ քառասնորդացի շրջանը ապրելու Աստուծոյ Խօսքին հաւատարմութեամբ ու յարատեւ աղօթքով, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս անապատին մէջ։

«Այս կը նշանականէ  առօրեան ապրիլ այն ջերմ բաղձանքով՝ ընկալելու սէրը զոր կու գայ Աստուծմէ եւ որ կ՛ուզէ բարեփոխել մեր կեանքն ու աշխարհը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեցնեով որ յառաջիկայ՝ 19-24 մարտ, Հռոմ պիտի ժամանեն աշխարհ զանազան վայրերէն 300 երիտասարդներ, մասնակցելու համար՝ Հոկտեմբեր ամսոյն նախատեսուած սիւնհոդոսի  նախասիւնհոդոսական հաւաքին, ու այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց բոլոր երիտասարդներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ ժողովին՝ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան կողմէ յատկացուած «ցանցի» կապի  միջոցաւ։

Ֆրանչսկոս Պապ ապա քառասնորդաց առթիւ յատուկ ողջոյնի խօսք ուզեց ուղղել բանտարկեալներուն ըսելով «սիրելի բանտարկեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, կը քաջալերեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, քառասնորդաց շրջանը ապրելու որպէս առիթ հաշտութեան ու կեանքի նորոգումի՝ Տիրոջ ողորմած հայեացքին տակ։ Ան երբեք չի յոգնիր ներում շնորհելէ» հաստատեց Քահանայապետը ու բոլորէն խնդրեց որ յատուկէն աղօթեն իրեն եւ իր համագործակիցներուն համար, որ այս երեկոյ պիտի սկսին քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան շաբաթը։

Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.