2018-02-18 13:30:00

Սկիզբ Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ըստ Լատինաց քառասնորդացի առաջին Կիրակին՝ Կիրակի 18 փետրուարի երեկոյեան, սկիզբ կ՛առնէ Քահանայապետին եւ Վատիկանի վերին իշխանութեան քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ բոլորին մաղթեց բարի ու պտղաբեր  քառասնորդացի ուղեւորութիւն, ապա հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն եւ իր համագործակիցներուն համար, որոնք այսօր կը սկսինք Հոգեւոր կրթութիւնը։

«Բոլորին կը մաղթեմ առատ պտուղներով քառասնորդացի ուղեւորութիւնը ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի եւ իմ համագործակիցներուս համար, որ այսօր կը սկսինք Հոգեւոր Կրթութիւնը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.