2018-02-17 08:44:00

Հայատառ նամակներ կը բացայայտեն թրքական պատմագրութեան խեղաթիւրուած ըլլալը։


ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրք պատմաբան Շիւքրիւ Ըլըճաք, հայատառ թրքերէնով գրուած նամակներու ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ ցոյց տուած է, որ թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը ամենեւին չ՛արտացոլացներ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բնակած հայերուն իրական պատկերը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնած է թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը:

Շիւքրիւ Ըլըճաք գիտական ուսումնասիրութեան ենթարկած է Կեսարիոյ հայ ընտանիքներէն՝ Քոճայեան ընտանիքի հայատառ թրքերէնով գրուած նամակները: «Թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը հայերը կը ներկայացնէ իբրեւ զէնքը ձեռքերնին՝ թուրքը սպաննելու երդում տուած հրէշներ, որոնք կ՛ապստամբէին պետութեան դէմ: Պաշտօնական պատմագրութեան մէջ կը ներկայացուի, որ հայերն են մեղաւոր իրենց հետ կատարուածին համար: Այս նամակներուն ուսումնասիրութիւնը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ այդ բոլորը չի համապատասխաներ իրականութեան եւ որ հայերն ալ իրական կեանքի իրակա՛ն մարդիկ են, անոնք եւս կը հիւանդանան, կը սիրեն, կ՛ատեն, կը մտահոգուին ձմրան սնունդի պաշար հաւաքելու համար, ջանք կը թափեն իրենց զաւակներու կրթութեան եւ իրենց պարտքերը տալու համար», նշած է պատմաբանը:

Քոճայեան ընտանիքէն Յարութիւն Քոճայեանը եւ անոր որդին՝ Կարապետ, 1912-1913 թուականներուն մեկնած են Միացեալ Նահանգներ աշխատելու եւ կրկին հայրենիք վերադառնալու նպատակով: Ամերիկայէն Յարութիւն եւ Կարապետ Քոճայեանները նամակագրական կապ պահած են գիւղի իրենց հարազատներուն հետ: 1915ի նամակագրական կապը ընդհատուած է, եւ անոնք դարձեալ նամակ ստացած են միայն 1918ին, երբ տեղեկացած են, որ իրենց ամբողջ ընտանիքը ջարդուած է: Այս նամակները Յարութիւնին եւ Կարապետին համար եղած են իրենց ոչնչացուած ընտանիքէն միակ յուշը:

Նամակները բացայայտուած են այն ժամանակ, երբ Քոճայեաններու ընտանիքին Ամերիկա բնակող ժառանգորդները սկսած են հետաքրքրուելու իրենց արմատներով: Այս նամակները ենթարկուած են գիտական ուսումնասիրութեան:

Պատմաբանը նշած է, որ պատմագրական ուսումնասիրութիւններու տեսանկիւնէն՝ Քոճայեան ընտանիքի նամակները շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր աղբիւր կը հանդիսանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.