2018-02-17 08:25:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպանը


16 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նշանակման առիթով շնորհաւորեց դեսպան Մայա Տաղերը եւ տուաւ իր բարեմաղթանքները: Այնուհետեւ, անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ գործակցութեան` վեհափառ հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ դեսպանը իր առաքելութեան ընթացքին պիտի նպաստէ առկայ  բարեկամական փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման:

Լիբանանի դեսպանը եւս խօսեցաւ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու պատմական ակունքներուն մասին` բարձր գնահատելով անոնց վրայ խարսխուած ներկայի համագործակցութիւնը:

Վեհափառ հայրապետն ու դեսպան Տաղերը անդրադարձ կատարեցին նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք  Լիբանանի մէջ արաբ ժողովուրդի բարեացակամ վերաբերմունքին  շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակները կրցան կարճ ժամանակուան մէջ  վերակազմակերպել իրենց ազգային, հոգեւոր-մշակութային կեանքը:

Լիբանանի դեսպանը նոյնպէս հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութիւնները հետամուտ են, որ հայկական համայնքը ազատօրէն պահպանէ իր աւանդութիւններն ու կառուցէ իր ազգային կեանքը: Ան  փաստեց, որ հայ համայնքը մեծ ներդրում ունի երկրի կեանքի զանազան  մարզերուն մէջ:

Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.