2018-02-17 08:23:00

Արմէն Սարգսեան ընդունած է Նախագահի թեկնածու դառնալու առաջարկը


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ, որ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժի առաջարկին առնչութեամբ որոշում տալէն առաջ` հանրապետութեան նախագահին հետ նախորդ հանդիպումին ընթացքին ժամանակ խնդրած էր, որպէսզի հանդիպումներ ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու, հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններու, գործարար եւ աշխատաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Արմէն Սարգսեան նշած է, որ նախատեսած հանդիպումները աւարտած են եւ անոնց իբրեւ արդիւնք` տուած է իր որոշումը: ՀՀԿ-¬ի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուցած է իր որոշումին հիմնաւորումները:

Արմէն Սարգսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ մեծ ակնկալիքին համար` նշելով, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը բացի պատուաւոր ըլլալէն, կ՛ընդգրկէ հսկայական պատասխանատուութիւն:

«Ձեր կողմէ առաջադրուած խնդիրներու ծիրին մէջ ես վստահ եմ, որ պիտի կարենամ ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատուով կատարեմ իմ վրաս դրուած բարձր պատասխանատուութիւնը, որպէսզի չհիասթափեցնեմ ձեզ, պարո՛ն նախագահ, եւ այն ակնկալիքները, որ մեր հայրենակիցները պիտի ունենան` ըլլայ Հայաստանի, Արցախի, թէ սփիւռքի մէջ: Պատրաստ եմ իմ ամբողջ էութեամբ եւ եռանդով ներգրաւուելու այդ շատ պատասխանատու գործին, եթէ, վստահաբար, Ազգային ժողովը զիս ընտրէ իբրեւ նախագահ», իր խօսքի աւարտին նշած է Արմէն Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ սկսելով սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգը, պիտի արձանագրուին փայլուն արդիւնքներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.