2018-02-16 09:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական հանդիպումը Հռոմի Կղերի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 15 փետրուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի թեմի կղերական դասին հետ։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն  նախ երիտասարդ կղերականներուն, ապա միջին տարիքով կղերականներուն հուսկ տարեց կղերականներու հարցումներուն։

«Երբեք մի հրաժարիք աղօթքէն յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը, դժուարութեան մէջ օգնութիւն փնտռեցէք ու երբ հասուն տարիքի մէջ էք  ունակ դարձէք ունկնդրութեան,  աւելցուց Ան հուսկ թելադրեց «զատորոշել ժամանակներուն նշանները ու իրականութեան նայիլ առանց վախի»

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ աւանդական հանդիպումին մասնակցող քահանաներուն ուղղեց ապա այլ խրատներ ու յորդորներ հրաւիրելով ապրիլ «Քահանայական ոճով» կեանք մը ինչպէս նաեւ չկապուիլ իրերու եւ պաշտօններու ու գիտնալ դիւրութեամբ հրաժարիլ անոնցմէ հուսկ տարեց քահանաները խրախուսեց իրենց ժամանակը յատկացնելու աւելի երիտասարդ քահանաներուն։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ իր անձնական փորձառութեան երբ  Պուէնըս Այրէսի Եպիսկոպոս անուանուեցաւ հաստատելով թէ այդ մէկը եղաւ դժուար պահ մը ու թէ միային աղօթքի միջոցաւ է որ կարողացաւ յառաջ ընթանալ։ 

Նախ քան կղերական դասին հետ հանդիպիլը Սրբազան Քահանայապետը մի քանի քահանաներուն մատակարարեց խոստովանանքի խորհուրդը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.