2018-02-16 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պետրոսի Աթոռի ի նպաստ» ընկերակցութեան անդամները:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդունեց «Սուրբ Պետրոսի Աթոռի ի նպաստ» անուան  ընկերակցութեան անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են  Սուրբ Պետրոսի դամբանին ուխտագնացութիւն կատարելու նպատակով:  

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  դիտել տալով որ  վերոյիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն այցելութիւնը  կը զուգադիպի  Քառասնորդացի սկիզբին,  հրաւիրեց ներկաները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կաթողիկէ հաւատքի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ,  որուն իւրաքանչիւր մկրտեալ կանչուած է մաս կազմելու:

Ան ապա ակնարկելով  ժամանակակից աշխարհին,  որ յատկանշուած  է անտարբերութեան եւ բռնութեան արարքներով, ընդգծեց  եղբայրսիրութեան պակասը,  որուն պատճառով աշխարհը կը տառապի, եւ որուն մասին ակնարկած է   2018 տարուան քառասնորդացի պատգամին մէջ :

Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց ներկաները օգտագործել Աստուծոյ կողմէ  եկեղեցւոյ թելադրած  դարմանները, ինչպէս  աղօթքը, ծոմապահութիւնը,   ողորմաբաշխութիւնը,    որ առիթ է  Աստուծոյ նախախնամութեան հետ համագործակցելու ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա  շեշտը դնելով ողորմաբաշխութեան վրայ  քաջալերեց ներկաները ողորմաբաշխութիւնը որդեգրել որպէս ապրելակերպ  եւ շարունակել  շօշափելի  օժանդակութիւն շնորհել  կարիքաւորներուն:    

Ան ապա    գնահատելով ընկերակցութեան անդամներուն գործունէութիւնը քաջալերեց զանոնք ամէն  օր անհատական եւ հասարակաց աղօթքի միջոցաւ   յառաջ տանիլ իրենց  առաքելութիւնը,  շնորհակալութիւն  յայտնելով  ընկերակցութեան  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած վեհանձն նուիրատուութիւններուն համար, որոնք կը նպաստեն եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ զօրակցելու համար իւրաքանչիւր անհատի,    յատուկէն աղքատներուն որոնք ամէն ինչ կորսնցուցած են   բռնի տեղահանութիւններու պատճառաւ :

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները  Տիրոջմէ հայցել որ  դարձի բերէ սիրտերը ,  որպէսզի աշխարհին մէջ  աճի եղբայրսիրութիւնը եւ դադրին հակամարտութիւնները  որոնք պատճառ  են անթիւ չարիքներու:

Սրբազան Քահանայապետը  խօսքը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.