2018-02-16 09:00:00

Վարչապետի ընտրութեան օրը յայտնի է. «Հրապարակ»


 «Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Ըստ մեր աղբիւրներու փոխանցած տեղեկութեան՝ քաղաքական որոշումը արդէն կայացած է վարչապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Ապրիլին Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին: Մնացեալ պարագաներուն նման, ընթացակարգը նոյնն է՝ առաջադրում, թեկնածուի ծրագրային ելոյթ, հարցումներ, միտքերու փոխանակում, ելոյթներ, խմբակցութիւններու տեսակէտներ, Ազգային ժողովի նախագահ-փոխնախագահներու արտահերթ ելոյթներ:

Ի տարբերութիւն ապագայ նախագահի գաղտնի ընտրութեան, վարչապետի ընտրութիւնը բաց է՝ ցուցանակին վրայ նոյն վայրկեանին պիտի երեւայ, թէ ով ինչպէս քուէարկած է: Նաեւ՝ վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ է պարզ մեծամասնութիւն, իսկ նախագահին՝ ձայներու երեք քառորդ








All the contents on this site are copyrighted ©.