2018-02-15 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Միացեալ Նահանգներու դպրոցի մը մէջ պատահած աղէտին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու Փարքալտն քաղաքին մէջ գտնուող Marjory Stoneman Douglas բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական աղէտին ի լուր, հինգշաբթի, 15 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի  ցաւակցական հեռագիր  ուղղեց Միամի թեմի առաջնորդ Արք. Թոմաս Կերարտ Վեսքիին:

Հեռագիրին մէջ  Ծիրանաւորը գրած է թէ   Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով դպրոցի մէջ տեղի ունեցող աղէտին լուրը խորապէս տխրած է։ Կարդինալ Փարոլին ապա նշած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը  բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան սոյն  կործանարար յարձակումներուն, աղօթք կը բարձրացնէ Ամենակարող Աստուծոյ, որպէսզի   մեռեալներուն շնորհէ յաւիտենական հանգիստ  ապա մխիթարութիւն  ու շուտափոյթ  ապաքինում՝ վիրաւորներուն ու  բոլոր տառապողներուն  :

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով որ այսպիսի   անիմաստ  բռնութեան արարքներ դադրին,   Աստուածային  խաղաղութեան  եւ զօրութեան օրհնութիւնները կը հայցէ բոլորին համար:  Կը գրէ Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.