2018-02-15 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ծիսական արարողապետ՝ Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը որ սկիզբ կ՛առնէ ուրբաթ՝ 9 մարտին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, կէսօրէ ետք 5-ին, Քահանայապետին գլխաւորելիք ապաշխարութեան արարողութեամբ։ Ապա 17 Մարտին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ՝ Փատրէ Փիոյի սրբավայրին, հուսկ կիրակի 25 Մարտին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Սրբազան Հայրը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը որուն առթիւ կը յիշատակուի Յիսուսին Երուսաղէմ մուտքը ինչպէս նաեւ Երիտասարդներու համաշխարհային օրը։

Ծաղկազարդին յաջորդող շաբաթը՝ Սուրբ կամ Աւագ Շաբաթն է՝ Հինգշաբթի 29 Մարտի առաւօտեան 9.30-ին Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Մայր Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը, մինչ երկրորդ օր՝ Աւագ ուրբաթի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ժամը 17-ին կը նախագահէ Յիսուսի չարչարանաց արարողութիւնը ապա երեկոյեան 9.15-ին «Քոլլոսէումի» ամփիթատրոնի տարածքին կը գլխաւորէ աւանդական ճանապարհ խաչի արարողութիւնը։

Շաբաթ 31 Մարտի երեկոյեան 20.30-ին, Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ Սուրբ Զատկուայ հսկումի արարողութիւնը, ապա երկրորդ օր՝ Կիրակի մէկ ապրիլի առաւօտեան 10-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը հանդիսապետէ Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ուղղէ իր պատգամը եւ «Ուրպի Էթ Օրպի» օրհնութիւնը։

Կիրակի 8 ապրիլ 2018-ին, Աստուածային Ողորմութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ «Ողորմութեան Միսիոնարներու» նուիրուած սուրբ պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.