2018-02-15 12:35:00

«Սորվիլ հրաժարիլ» Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ինքնագիր նամակը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սորվիլ հրաժարիլ» խնդրանքն է որ հայցեցի մեկնաբանելով Գործք Առաքելոցի մէկ հատուածը (Գործք 20, 17-27), Հովիւներուն համար աղօթքի մը մէջ։ Եկեղեցական պաշտօնի մը աւարտը պէտք է նկատուի ծառայութեան նոյնինքն մաս,որովհետեւ կը պահանջէ տրամադրելիութեան նոր կերպ մը» այսպէս կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Հինգշաբթի 15 փետրուար 2018-ին հրապարակուած առաքելական ինքնագիր նամակը, որուն բնաբանն է «Սորվիլ հրաժարիլ» եւ որ կը սահմանէ Քահանայապետական անուանումով նշանակուած անձերու տարիքի բերումով հրաժարականի կանոնները։

Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ թէ այդ ներքին տրամադրելիութիւնը հարկաւոր է՝ ըլլայ երբ տարիքի բերումով կը պատրաստուինք լքելու մեր պաշտօնը, ըլլայ երբ մեզմէ կը խնդրուի որոշ շրջանի համար շարունակել այդ պաշտօնավարութիւնը, հակառակ 75 տարեկանի ամբողջացումին։

«Այն որ կը պատրաստուի հրաժարականը ներկայացնել կարիքը ունի պատրաստուելու Աստուծոյ առջեւ, մերկանալով իշխանութեան իղձերէն ու անհրաժեշտ ըլլալու ձգտումէն։ Այս մէկը առիթ կ՛ընծայէ անդորրութեամբ եւ վստահութեամբ ապրելու այդ պահը որպէսզի ան չդառնայ ցաւալի եւ հակասական» կը գրէ Քահանայապետը նկատելով թէ «միւս կողմէ երբ կը խնդրուի, բացառաբար, շարունակել այդ յանձնուած պաշտօնը աւելի երկար ժամանակի մը համար, այս կը նշանակէ հրաժարիլ վեհանձնութեամբ անձնական ծրագիրի մշակումէն, այս մէկը սակայն պէտք չէ նկատուի յաղթանակի պահ մը, կամ բարեկամութենէ  եւ մտերմութենէ բխած առանձնաշնորհում, կամ երախտագիտութիւն՝ նուիրուած ծառայութեան համար։ Ամէն մէկ երկարաձգում կարող է միայն ներփակել եկեղեցական հասարակաց բարիքին հայող պատճառներ եւ կախեալ է «կառավարման» գործընթացէն որ կը պահանջէ  խոհեմութեան առաքինութիւնը, որով կ՛առնուին որոշումները - կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակին մէջ ուր կը նշէ թէ ուզած է փոփոխութիւններ ներմուծել՝  3 նոյեմբեր 2014-ին հրապարակուած «Rescriptum ex audientia»  գիրին մէջ ու այդ կ՛ամփոփէ հետեւեալ կէտերուն մէջ. «75 տարեկանին եպիսկոպոսները պէտք են իրենց հրաժարականը ներկայացնել Քահանայապետին։ 75 տարեկանին Ոչ կարդինալ Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուները ինչպէս նաեւ բաժանմունքներու կառավարիչներն ու եպիսկոպոսները իրենց պաշտօնէն չեն դադրիր  ինքնաբերաբար, թէեւ անոնք պէտք են Քահանայապետին ներկայացնել իրենց հրաժարականը։

Նոյնպէս Քահանայապետական ներկայացուցիչներու պաշտօնը  չի դադրիր 75 տարիքի թեւակոխումով ու անոնք եւս ներկայացնելու են իրենց հրաժարականը։

Այդ հրաժարականները վաւեր դառնալու համար, պէտք է ընկալուին Քահանայապետի կողմէ։

Հրաժարականի ներկայացումէն ետք,  պաշտօնը կը համարուի  շարունակական, մինչեւ որ թեկնածուին չի հաղորդուի այդ հրաժարականի ընկալումը կամ պաշտօնի շարունակութիւնը։

Ինքնագիր նամակին մէջ Քահանայապետը կը հրահանգէ նամակը հրապարակել «Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի» պաշտօնաթերթին մէջ եւ ի զօրու կը դառնայ հրատարակութեան օրուան յաջորդող օրուընէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.