2018-02-15 09:37:00

«Բենեդիկդեան Ջահ»ը խաղաղութեան եւ Եւրոպայի միասնութեան խորհրդանիշ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երբ 1964 թուականին Սուրբ Բենեդիկտոս հռչակուած էր Եւրոպայի պաշտպան սուրբ, Բենեդիկտեաններ սկսած էին «Բենեդիկտեան Ջահ»ը լուցանելու սովորութիւնը, Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ, արտայայտելու համար Եւրոպայի միասնութիւնը։

1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Բենեդիկդեան Ջահ»ը վերածուած էր խաղաղութեան խորհրդանիշի։

Սուրբ Բենեդիկտոս կը խորհրդանշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն դաւանումը, որ հասարակաց է եւրոպական 27 երկիրներու։ «Բենեդիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Բենեդիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

2016 թուականը, իր երկրաշարժներով Իտալիոյ համար եղած էր ահարկու տարի մը, աւելի քան 53 հազար ցնցումներով։

Այս տարի «Բենեդիկտեան Ջահ»ը սկիզբ կ՛առնէ Նորչայէն, որ մեծ վնասներ կրած էր երկրաշարժի պատճառով։ 2017 թուականին ջահը հասած էր Պրիւքսէլ։ Այդ առիթով, Նորչայի Բենեդիկտեան կրօնաւորներու մեծաւորը ըսած էր՝ «բոլոր կործանումներու խաւարին մէջ, Սուրբ Բենեդիկտոսի ջահը լուսաւորած է Եւրոպան եւ աշխարհը, իր հետ տանելով իր խաղաղութեան եւ միութեան պատգամը։»

Տարւոյս փետրուար 16ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Հռոմի մօտ Եւրոպայի խորհրդարանի նիստի Խճանկարներու դահլիճին մէջ, պիտի ներկայացուի «Բենեդիկտեան Ջահ»ի 2018 տարւոյն ծրագիրը։

Այս առիթով ելոյթ պիտի ունենան Նորչայի քաղաքապետը՝ Նիքոլա Ալեմաննօ, Շրջանային Խորհուրդի նախագահ՝ Տոնաթելլա Փորցի, Սուպիաքոյի քաղաքապետ՝ Ֆրանչեսքօ Փելլիչչա եւ Քասսինոյի քաղաքապետ՝ Քարլօ Մարիա ՏʼԱլեսսանտրօ, եւ այլ քաղաքական դէմքեր։

Պիտի ներկայացուին նաեւ ձեռնարկի իրականացման փուլերը, որ կը սկսի 24 փետրուարէն, երբ Ջահը պիտի լուցանուի Նորչայի Սան Պենետեթթօ հրապարակին վրայ, հուրը բերելով ուղիղ Սուրբ Բենեդիկտոսի Տաճարի աւերակներէն։

Մարտի 7ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի ջահը եւ օրհնէ զայն, որմէ ետք հուրը պիտի հասնի Պերլին, որ այս տարուան ջահը հիւրընկալելու համար ընտրուած է իբր ամենէն աւելի եւրոպական արժէքներ իւրացուցած քաղաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.