2018-02-15 08:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2018 -ի օր մոխրոցի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ին, յետմիջօրէին, ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ,  Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց  օր մոխրոցի Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Այս առթիւ  արտասանած քարոզին  մէջ Սրբազան Հայրը Քառասնորոդաց շրջանը  նկատեց թանկարժէք ժամանակ « սրբագրելու համար  մեր քրիստոնէական կեանքի բաղաձայն լարերը եւ ընկալելու միշտ՝  ուրախալի եւ յուսադրելի Տիրոջ Սուրբ Զատկուայ լուրը»:

Նորին Սրբութիւնը  յայտնեց թէ  Եկեղեցին իր մայրական իմաստութեամբ մեզի կ՝առաջարկէ յատուկ ուշադրութիւն  ցուցաբերել այն բոլոր  իրողութիւններուն,  որոնք կը պաղեցնեն  հաւատացեալին  սիրտը :

Ան ակնարկեց կեանքի  բազմաթիւ փորձութիւններուն,  որոնց ենթարկուած է իւրաքանչիւր անհատ,  տխուր երեւոյթ համարելով  կեանքի ցաւերուն  դիմաց բարձրացուած այն ձայները, որոնք  շահագործելով   մարդոց դժուարութիւնները չեն ցաներ եթէ ոչ միայն անվստահութիւն եւ յուսահատութիւն։

Եւ եթէ հաւատքի պտուղը սէրն է անվստահութեան պտուղը  վհատութիւնն ու յուսալքումն է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Անվստահութիւնը, վհատութիւնն ու յուսալքումը, չար ոգիներ են  որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին հոգին կ՝անշարժեցնեն ու կը խռովեն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց քառասնորդացի թանկարժէք ժամանակաշրջանին  քօղազերծել  այս եւ այլ փորձութիւնները,   թոյլ տալու համար որ  մեր սրտերը տրոփեն Յիսուսի սրտի զարկին  համաձայն ու թելադրեց երեք բայեր   «կանգ առնել, նայիլ ապա  վերադառնալ:

Կանգ առնել եւ  մէկդի ձգել խռովութիւնն ու այդ  անիմաստ վազքը  որ  հոգին կը լեցնէ այն դառնութեամբ զգացումով թէ կարելի չէ  ոչ  մի տեղ է հասնիլ։

Կանգ առնել եւ հրաժարիլ արագընթաց  ապրելակերպի  հրամայականէն,  որ բաժանում կը ստեղծէ եւ կը քայքայէ  ընտանիքին, բարեկամութեան,  զաւակներու, մեծ մամիկներուն,  տատիկներու անշահախնդիր ժամանակը…, Աստուծոյ ժամանակը»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը       զգուշացնելով  ցուցամոլութեան կեցուածքներէ ,  որ մոռացութեան կը մատնեն մտերմութեան եւ ամփոփումի արժանիքը: Զգուշացուց նաեւ  ուրիշները արհամարհելէ   եւ  ամէն ինչ  մեր հակակշիռին  տակ առնելէ  ինչպէս նաեւ մեզ  ամենագէտ ձեւացնելէ ,   որ յառաջ կու գայ  կեանքի պարգեւին ու մեր  ստացած բարիքներու երախտագէտ ըլլալու մոռացումէն:    

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց կանգ առնել անպտուղ  զգացումներ հրահրող  կեցուածքներուն  դիմաց, որոնք յառաջ կու գան  ներփակ կեցուածէն ու կ՝առաջնորդեն մոռնալու ուրիշներու հետ հանդիպելու՝  կիսելու համար անոնց հետ տառապանքներն ու  կեանքի ծանրութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը ապա ապա հրաւիրեց Կանգ առնել նայելու  եւ խոկալու համար։

Նայիլ այն բոլոր  նշաններուն որոնք կ՝արգիլեն որ եղբայրսիրութիւնը մառի, այն նշաններուն որոնք  կենդանի կը պահեն հաւատքի ու յոյսի կրակը:

Նայիլ մեր ընտանիքներուն դիմագիծերուն,  որոնք կը շարունակեն  ամէն օր պայքարիլ  ՝մեծ ջանքեր թափելով  կեանքի մէջ յառաջ ընթանալու  եւ ամէն ինչ կը կատարեն իրենց բնակարանները  սիրոյ դպրոց վերածելու միտումով:

Նայիլ մանուկներուն, երիտասարդներուն դիմագիծերուն որոնք  յոյսով լի են  ապագայի նկատմամբ:

Նայիլ մեր երէցներուն դիմագիծերուն,  մեր  Հիւանդներուն  ու անոնց հոգ տանող մարդոց  դէմքերուն,  դէմքեր որոնք իրենց ծառայութեան միջոցաւ մեզի կը յիշեցնեն թէ իւրաքանչիւր անձի արժէքը երբեք կարելի չէ վերածել լոկ հաշիւի կամ օգուտի:՝

Նայիլ եւ խոկալ Խաչեալի  սիրոյ դիմագիծին  որ ամէն օր խաչին վրայէն կը շարունակէ յոյս ներշնչել:

Նայիլ եւ խոկալ Քրիստոսի շօշափելի դէմքին որ խաչուեցաւ բոլորին սիրոյն համար առանց բացառութեան: ըսաւ հուսկ նորին Նորին Սրբութիւն հաստատելով,  թէ նայիլ խաչեցեալ Քրիստոսին,  այս քառասնորդաց շրջանին համար յոյսով լի հրաւէր մըն է՝ յաղթահարելու համար   անվստահութեան,  եւ յուսալքումի  չար ոգիները»  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու կանգ առնելէ եւ   նայելէ ետք հրաւիրեց վերադառնալ:  Վերադառնալ  մեր Հօրը տունը: վերադառնալ  առանց վախի բազկատարած  մեր Հօրը բազուկներուն որ  հարուստ  է ողորմածութեամբ եւ որ մեզ կը սպասէ

«Վերադարձիր  առանց վախի այս է յարմար ժամանակը տուն վերադառնալու իմ եւ ձեր հօր տունը – ըսաւ Սրբազան Պապը -  Աստուած արդարեւ չի յոգնիր եւ պիտի չի յոգնի իր ձեռքը մեզի երկարելէ :

Վերադարձիր առանց վախի փորձարկելու համար Աստուծոյ վերանորոգիչ եւ հաշտեցնող քնքշութիւնը: Թոյլ տուր որ Տէրը դարմանէ մեղքի վէրքերը եւ իրականացնէ մեր հայերուն մարգարէութիւնը.  «Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ»: (Եզեկիէլ 36, 26) յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.