2018-02-14 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Պրազիլի մէջ քառասնորդաց շրջանի տարեկան եղբայրութեան ձեռնարկին առիթով:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14  փետրուար, 2018-ին,  ըստ լատինաց ծէսին օր մոխրոց է : Ամէն տարի այս օրը,  Պրազիլի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը  կազմակերպէ  ձեռանկ  մը  նուիրուած քառասնորդաց պահքի շրջանին : Այս տարուան  քարոզարշաւ ձեռնարկին  նպատակն է զարգացնել՝ խաղաղութեան,  համերաշխութեան եւ արդարութեան  մշակոյթ մը,  ունենալով  որպէս նիւթ եղբայրութիւնը  ու բռնութեան վերացումը : Քարոզարշաւին  կարգախօսը  քաղուած է Մատթէոս աւետարանէն «բոլորդ եղբայրներ էք» (Մատթ 23. 8)

Պրազիլի եպիսկոպոսաց դասի քառասնորդաց շրջանի տարեկան  աւանդական ձեռնարկին  առիթով  Ֆրանչիսկոս Պապ յղեց  պատգամ մը , որուն մէջ յայտնեց թէ ինք ուրախութեամբ կը միանայ Պրազիլի եկեղեցւոյ,  նշելու համար  «եղբայրութիւն եւ բռնութեան վերացում»  ձեռնարկը  որ ունի որպէս նպատակ կառուցել եղբայրութիւնը, զարգացնելով խաղաղութեան- համերաշխութեան եւ արդարութեան մշակոյթ մը:  

Սրբացան Հայրը պատգամին մէջ 2018 եղբայրութեան քարոզարշաւը  նկատեց  որպէս հրաւէր  ի յայտ դնելու  համար   բռնութիւնը  բոլոր շրջանակներէն  ներս  ու վստահութեամբ եւ յոյսով զայն շրջանցելու՝ սիրոյ ուղիին միջոցաւ զոր տեսանելի դարձաւ Խաչեալ  Յիսուսին մէջ: 

Ան ապա նկատել տալով  որ ապաշխարութեան այս ժամանակաշրջանը  ծոմապահութեան , աղօթքի եւ եղբայրսիրութեան շրջան  է եւ  յորդորեց,  թոյլ տալ Աստուծոյ որ սէրը տեսանելի դառնայ  մեր մէջ  մեր  ընտանիքներուն ու ընկերութեան մէջ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ  յանցագործութեան ներումը,   ողորմածութեան  ամէնէն գրաւիչ արտայայտութիւնն է՝ մեզի քրիստոնեաներուն համար, եւ  որմէ  կարելի չէ երբեք զիջիլ. Ներում  շնորհելը ՝  գործիք մըն է մեր  դիւրաբեկ  ձեռքերուն մէջ, ընկալելու համար մեր ստերուն խաղաղութիւն ու անդորրութիւնը գրեց  Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացնելով  վրէժխնդրութեան ու զայրոյթի արարքներէն ու անոնցմէ հրաժարիլը  պայման նկատեց  ապրելու համար որպէս եղբայրներ ու քոյրեր:

Բռնութեան վերացումի դերակատարներ դառնալու համար Նորին Սրբութիւնը յորդորեց  դառնալ խաղաղութեան  կառուցողներ ու պատգամաբերներ, խաղաղութիւն մը որ պտուղն է բոլորին համապարփակ զարգացումին,  խաղաղութիւն մը, որ ծնունդ կ՝առնէ նոր յարաբերութիւններէ  նաեւ ամբողջ ստեղծագործութիւններուն հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին մաղթանք յայտնեց որ Պրազիլի այս տարուան եղբայրութեան քարոզարշաւը  բոլորին քաջութիւն ներշնչէ  ձեռնարկելու  բռնութեան վերացումին ուղին միշտ ապրելով  Քրիստոսի մէջ որպէս  եղբայրներ ու քոյրեր հուսկ Պրազիլի ժողովուրդը յանձնեց Ափարեսիտա Տիրամօր Հովանիին ու բոլորին  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.