2018-02-14 07:44:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ - Ճանչնալ թշնամիին ոյժը…


Թշնամիներու հետ գործ ունեցողը, միշտ անոնց տկար տեսակը կը նախընտրէ պայքարելու համար, այնպէս ինչպէս գազաններու հետ կռուելու յանկարծական կացութեան դիմաց կանգնած մարդը պիտի նախընտրէր անոնցմէ մէկուն ձագին հետ կռուիլ, քան՝ մեծ էգին կամ մեծ որձին: Ուրեմն յստակ է, որ «թշնամիին չափը» ըսելով մենք չենք հասկնար անոր քանակը, կամ՝ հակառակորդներու խումբ մը, ինչպէս յաճախ սխալ կը գործածուի չափ բառը, խօսակցական աղաւաղուած կամ խեղաթիւրուած հայերէնի մէջ:

Հակառակորդ երկրի դէմ պատերազմելու ծրագիր ունենալով, հրամանատարը թշնամիին չափը չի՛ հարցներ, այլ՝ բանակին քանակը: Որովհետեւ Գողիաթին դէմ կռուելու խնդիր չկայ, որ անոր մարմնի հսկայութեան չափը նկատի ունենանք, այլ՝ խնդիրը դիմացի բանակին քանակն է, որ եթէ յարձակող երկրի բանակին թիւէն աւելի է՝ վտանգաւոր արդիւնքի կրնայ հասցնել նախայարձակ երկրին:

Ո՛չ ոք կրնայ իր թշնամին ճանչնալ, կամ անոր միտքին մէջ գտնուող չարութիւնները գիտնալ այնպէս, ինչպէս որ անոնք խմորուած կան անոր ներսիդին: Մարդ իր թշնամիին մորթը, այսինքն՝ արտաքին կեղեւը միայն կը տեսնէ, բայց անոր հոգիին խորքը բնաւ չի՛ կրնար թափանցել: Թշնամին կը նմանի գողի: Այնպէս ինչպէս գողը շուքերու պէտք ունի իր նպատակին հասնելու համար, նոյնպէս ալ թշնամին դարանակալ կը սպասէ իր զոհին եւ անոր շարժումներուն հետեւելով, իր վատ ծրագիրի իրագործման քարտէզը ստիպողաբար եւ զգօնութեամբ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ:

Թշնամին նոյնպէս, անակնկալներու դիմաց կը գտնուի յաճախ, որովհետեւ չի՛ գիտեր թէ իր զոհը ե՞րբ, ի՞նչ արարք պիտի գործէ, որ կրնայ խանգարել իր ծրագիրը:

Ինչպէս ըսինք, մարդիկ թշնամիներու միջեւ զանազանութիւն կը սիրեն դնել:

Մեր հայկական առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Աւելի լաւ է խելացի թշնամի ունենալը, քան՝ տգէտ բարեկամ»: Կեանքի փորձառութեանց վրայ հիմնուած այս իմաստուն խօսքերը՝ առածները, երբեմն ամէն կաղապարի մէջ չեն մտներ: Խելացի թշնամին եւ տգէտ բարեկամը նոյնիսկ եթէ հսկայական տարբերութիւն ունենան, սակայն երբեք համեմատելի չեն: Անոնք իրարու հետ պէտք չէ՛ բաղդատուին: Խելացի եւ տգէտ բարեկամներ կարելի է իրարու հետ բաղդատել, սակայն թշնամին, ինչ ալ ըլլայ՝ թշնամի է: Թշնամին եթէ ոսկեդրամ ալ ըլլայ, գրպանդ մի՛ դներ, որովհետեւ կրնայ զայն ծակել ու դուրս գալ…։

Կրնանք հաստատել, թէ ուժեղ տրամաբանութեան տէր անձ մը երբեք չի՛ թշնամանար, որովհետեւ իր տրամաբանութեա՛մբ կ՛առաջնորդուի ինք ու վեր կը մնայ փոխյարաբերական կեանքի մանրուքներէն: Սակայն, պէտք է ընդունինք նաեւ ճշմարտութիւն մը, ըստ որուն՝ թշնամին մեզմէ աւելի հեռատես է: Մեր աչքը այդքան հեռուն չի՛ տեսներ, ինչքան կը տեսնէ մեր թշնամիին աչքը: Ասիկա դրական կարողութիւն մըն է, որ սակայն, դժբախտաբար, թշնամին ժխտական գործի կը ծառայեցնէ:

Մրջիւնի մանր տեսակները փոքր միջատ կը համարուին: Սակայն անոնք ալ, իրենց հերթին, ոյժ ունին, երբ հաւաքաբար գործի մը ձեռնարկեն: Բարեբախտաբար անոնց աշխատանքը ընդհանրապէս իրենց սնունդի ամբարման եւ ապահովման ուղղուած է, եւ ո՛չ թէ ուրիշներուն գործը փճացնելու աշխատանքին: Այլապէս, այդքան փոքր միջատը եւս կրնար վնաս բերել մեր կեանքին:

Իմաստուն ծերունի բարեկամս միշտ կը յիշեցնէր՝ ըսելով.

_ Տղա՛ս, մրջիւնի չափ թշնամի ալ մի՛ ունենար:

Իրաւունք ունէր ան, որովհետեւ թշնամիին չափը ճշդելը մեր մարդկային կարողութենէն վեր է: Միայն Աստուած կրնայ գիտնալ այդ եւ ըստ այնմ պատժելով՝ արդարութիւն հաստատել մեր եւ մեր թշնամիներուն միջեւ:

Թշնամիին մեծն ու փոքրը չկայ: Թշնամին թշնամի է, այնքան ատեն որ դոյզն թշնամութիւն կը խորհի ուրիշներու մասին: Երբեմն անոր խորհած թշնամութիւնը փոքրէն կը սկսի եւ ոխով սնուելով՝ ձիւնագնդակի նման կը ծաւալի ու մեզ իր տակը կը թաղէ…։

Ոխը այն կերակուրն է, որով կը սնանի թշնամին: Ուրեմն, իր «կենդանութիւն»ը պահելու համար, թշնամին անհրաժեշտ կարիքը ունի այդ կերակուրին: Ուստի, նոյնիսկ եթէ անցեալի պահեստին մէջ պահուած ոխ մը գոյութիւն չունի իր զոհին նկատմամբ, պէտք է զայն ստեղծել՝ թշնամութիւնը կերակրելու համար…։

Եւ այսպէս կը շարունակուի այս տրտմանուշ մեղեդին մարդկային ցեղի, այնքան ատեն որ մարդ էակ գոյութիւն ունի այս աշխարհի երեսին, արդարացնելու համար այդ գզվռտուքը մարդոց միջեւ: Իսկ թշնամին՝ չափ չունի: Վերյիշեցնեու համար ըսենք՝ անոր փոքր կամ մեծ տեսակը չկայ, թշնամին թշնամի է:








All the contents on this site are copyrighted ©.