2018-02-14 08:19:00

Ապպաս. «Կը Մերժենք, որ Ուաշինկթըն առանձինը միջնորդ ըլլայ»


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին վերահաստատեց, թէ կը մերժէ, որ Միացեալ Նահանգներ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ առանձին միջնորդ ըլլան:

Ապպաս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց որդեգրելու մեքանիզմ մը, որուն համաձայն, Ուաշինկթըն խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ առանձին չ՛ըլլար:

Ան նշեց, թէ Պաղեստին կ՛ընդունի, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդութիւնը բազմակողմանի ըլլայ, ինչպէս «քառեակը» եւ այլ երկիրներ, ճիշդ ինչպէս կատարուեցաւ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց, որ պաղեստինեան դատի զարգացումներուն շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` միեւնոյն ատեն նշելով, որ շրջանին մէջ կացութիւնը «մեր փափաքածէն հեռու է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.