2018-02-14 08:16:00

«Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել առանց Քիւրտերուն մասնակցութեան» կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Սուրիոյ քիւրտերը սուրիացի ժողովուրդին մէկ անքակտելի մասն են, եւ սուրիական տագնապը կարելի չէ լուծել առանց անոնց մասնակցութեան»:

«Ռուսիա տակաւին կը շարունակէ աջակցիլ քիւրտերուն Սուրիոյ հարցի լուծման ամբողջ հոլովոյթին մասնակցութեան», աւելցուց ան:

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ ու վտանգաւոր կերպով կը գործէ եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը վտանգէ», նշեց Լաւրով` աւելցնելով. «Ռուսիան այն կասկածը ունի, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ եթէ ոչ յաւիտեանս, առնուազն երկար ժամանակ մնալ Սուրիոյ մէջ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով իր կարգին շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու են Սուրիոյ կարգ մը քիւրտերուն մօտ անջատողական տրամադրութեանց հրահրման»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրան, գործակցաբար «Սպիտակ սաղաւարտներուն», Իտլիպի մէջ սադրանքներ կը պատրաստէ Դամասկոսը քիմիական զէնքի կիրարկման մէջ ամբաստանելու համար:

«Ժապհաթ Նուսրան քլոր պարունակող աւելի քան 20 տակառ փոխադրեց եւ սադրիչ գործողութիւն մը կը պատրաստէ», նշեց նախարարութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.