2018-02-13 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջագուրումը Անտիոքի Յոյն Մելքիդ Պատրիարքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 13 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անտիոքի Յոյն Մելքիդ՝ Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքն ու եպիսկոպոսները։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը քարոզին տեղ ուզեց յատուկ խօսք ուղղել ներկաներուն բացատրելու համար այդ ծիսակատարութեան իմաստն ու նշանակութիւնը։

«Այս պատարագը մեր եղբօր, Եուսէֆ Պատրիարքին հետ, «Առաքելական Հաղորդութեան» ծէսն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Պատրիարքը հայրն է եկեղեցւոյ մը,  հին մէկ եկեղեցւոյ ու եկած է ողջագուրելու Պետրոսը ու ըսելու «ես հաղորդութեան մէջ եմ Պետրոսի հետ»։ «Ահա այս է այսօրուայ արարողութեան նշանակութիւնը՝ ողջագուրում ընդմէջ եկեղեցւոյ մը Հօր ու Պետրոսին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Անտիոքի Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ յատկութիւններուն ու յատկապէս անոր հաւատացեալներու ապրած դժուարութիւններուն, որոնք  ըսաւ Քահանայապետը «այս պահուս խաչուած են Յիսուսի նման» ու հրաւիրեց սուրբ զոհը նուիրել Յոյն Մելքիդ հաւատացեալներուն, ու Միջին Արեւելքի տառապեալ ու հալածուած քրիստոնեաներուն որոնք իրենց կեանքը կու տան, ապա կը լքեն իրենց ունեցուածքը որովհետեւ վտարուած են իրենց հայրենական հողերէն, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց նաեւ պատարագը նուիրել Եուսէֆ Պատրիարքի առաքելութեան դիտաւորութեան։

Սուրբ Զոհի աւարտին Յոյն Մելքիդ Պատրիարքը իր կարգին՝ յանուն սիւնհոդոսական հայրերուն շնորհակալական խօսք արտասանեց Սրբազան Քահանայապետին յայտնելով իր յուզմունքը ի տես եղբայրական սիրոյ։ «Կը խոստանանք միշտ մեր սրտին մէջ պահել ու միշտ  յիշել այս պահը, այս պատմական վայրկեանները որ կարող չեմ նկարագրել իր գեղեցկութեամբ՝ եղբայրութիւնը, հաղորդութիւնը որ կը միացնէ Քրիստոսի բոլոր աշակերտները» ըսաւ Անտիոքի Յոյն Մելքիդ՝ Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.