2018-02-13 08:44:00

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելեցին Հայ եւ Ատրիէյճանցի ազատազրկուածներուն


Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Փետրուարին այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով ազգութեամբ հայ եւ ատրպէյճանցի ազատազրկուածներուն:

 Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  Լեռնային Ղարաբաղի ԿԽՄԿ առաքելութեան տեղեկատւութեան բաժնի պատասխանատու Էթերի Մուսայելեան  ըսած է, որ  hամաձայն իր առաքելութեան` ԿԽՄԿ-ն ազատազրկուածներուն կ՛այցելէ, որպէսզի անոնց ազատազրկման պայմաններուն եւ վերաբերմունքի դիտարկում իրականացնէ եւ հնարաւորութիւն ընձեռէ կապ ապահովելու ազատազրկուածներուն եւ անոնց հարազատներուն միջեւ:

Նշենք, որ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն մէջ այժմ պաշտօնապէս ազատազրկման մէջեն 5 քաղաքացիներ` ներառեալ 2014թ.-ին Արցախի սահմանը ապօրինաբար հատած եւ քրէական շարք մը յանցագործութիւններու համար դատապարտուած Դիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Գուլիեւը:








All the contents on this site are copyrighted ©.