2018-02-12 09:38:00

Մար Մարունի տօնին առիթով Ռայի Պատրիարքի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագ։


Մար Մարունի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ուրբաթ օր Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց այդ առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Առաջին տիկին Նատիա Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, հանրապետութեան նախկին նախագահներ, մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, հոգեւոր առաջնորդներ, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը,  ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի պատարագէն բացակայեցաւ` ճամբորդութեան պատճառով:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ մարոնի համայնքի հաւատքի հայր Մար Մարունի տօնակատարութիւնը ազգային-եկեղեցական տօն մըն է` աւելցնելով, որ անիկա  կ՛օժանդակէ Լիբանանի զարթօնքին եւ կայունութեան պահպանումին:

Ան անդրադարձաւ տարիներու ընթացքին մարոնի պատրիարքներուն ստանձնած առաքելութեան եւ Պքերքէի ազգային կարեւոր դերակատարութեան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պատասխանատուներու զոհողութիւնները կ՛երաշխաւորեն արդիւնաւէտ եւ կարող պետութեան մը հիմնումը: Ան շեշտեց, որ այդ զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի է հաստատել մարտահրաւէրներուն դիմադրելու ուժը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ժողովրդավարութեան ամրապնդումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.